Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանին Մէջ Լիբանանի Մշակոյթի Օր

Ուրբաթ, 31 մայիս 2013…

Արտասովոր  մթնոլորտ  կը  տիրէր  Թորոսեան  վարժարանի շրջափակին մէջ: Աշակերտները  մեղուի նման կ՛աշխատէին ու կը  պատրաստուէին  նշելու համար  Լիբանանի մշակոյթի օրը:

Ուսուցիչներէն Լուսին Մոմճեան եւ Պիսար Խալիֆէ  ամիսներէ ի վեր կը  պատրաստուէին վերոյիշեալ  օրուան համար եւ ահաւասիկ հասաւ սպասուած  օրը:

Լիբանանի մշակոյթի օրը մեզի հետ նշելու  համար ներկայ էին Պուրճ Համուտի  քաղաքապետ Անդրանիկ  Մսըրլեան, Ժտէյտէի  քաղաքապետութեան  ներկայացուցիչ  տիկ.  Ժըպարա, Մարալ Հայտոսթեան, Հայ աւետ. վարժարաններու կրթական գործիչ Ռոզեթ  Ալեմեան, Հայ աւետ. Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի տնօրէն Վարդուկ Պալըքճեան, Ալիծ  Սապունճեան եւ Թորոսեան վարժարանի բարեկամներ, ծնողներ ու  աշակերտներ:

Յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասերու.

Առաջին բաժնին մէջ ներկաները սրահ ուղղուեցան Լիբանանի հանրածանօթ  երգչուհի  Ֆէյրուզի  «Պահիպպաք եա Լուպնան» երգին  ունկնդրութեամբ: Ապա լիբանանեան քայլերգի` (նուագ` վարժարանի երգեցողութեան  դասատու  Նեկտար Փալազեան) յոտնկայս ունկնդրութեամբ սկսաւ յայտագիրը:

Բացման խօսքը կատարեց վարժարանի  արաբերէնի դասատու Խալիլ Խալիֆէ: Ան  բարի գալուստ  մաղթելէ ետք  ներկաներուն, նշեց, թէ Լիբանանը մեր հայրենիքն է, եւ մենք  մեր կարելին ընելու ենք զայն հասցնելու կատարեալին: Խօսքը շարունակեց` ակնարկելով, թէ Լիբանան հարուստ  է արուեստագէտներով, բանաստեղծներով եւ համայն աշխարհի կողմէ ճանչցուած գիտնականներով եւ այլ դէմքերով: Բացման խօսքէն ետք Ծաղիկ դասարանի աշակերտները  իրենց արաբերէնի դասատու Նենսի Ապու Խալիլի հետ ներկայացուցին ցորենի հատիկին պատմութիւնը արաբերէն լեզուով, նաեւ` զանազան արտասանութիւններ: Ապա Աննա Քրիստինա Գէորգ ներկայացուց Լիբանանը` տեսերիզի մը ընդմէջէն: Ան խօսեցաւ  անոր քաղաքներուն, տեսարժան  վայրերուն  եւ  հնութիւններուն  մասին:

Ապա Առաջին դասարանը երգեց «Եալլա նըամմէր եա ասհապի»` թմբուկի ընկերակցութեամբ  իրենց  դասընկեր Բեմիամին Քէօշկէրեանի: Երկրորդ դասարանը երգեց «Թըթլոժ էլտընի թթշեմմըս էլտընի»,  իսկ երրորդ դասարանը «Ռաժիի ռաժիի եըթամմար Լուպնան», ապա չորրորդ եւ հինգերորդ  դասարանները ներկայացուցին խմբային  արտասանութիւններ «Լուպնան»  խորագիրով, զոյգ  արտասանութիւններուն  կ՛ընկերակցէր Լիբանանի գեղատեսիլ  վայրերը  եւ  հնութիւնները  ցուցադրող տեսերիզ մը: Խումբ մը աշակերտներ տարբեր դասարաններէ միասնաբար ներկայացուցին «Նաթուրաթ էլմաֆաթիհ» թատրերգութենէն բաժին մը: Ապա լիբանանեան  տապքէով աշակերտները արդարացուցին Լիբանանի մշակոյթի օրը, եւ վարժարանի  տնօրէնուհի Սեդա Գարակէօզեանի շնորհակալական խօսքով վերջ գտաւ առաջին  բաժինը:

Յայտագրի երկու բաժիններուն միջեւ մօտաւորապէս  մէկ ժամուան ընթացքին  ներկաները ճաշակեցին լիբանանեան համեղ  ուտելիքներ, դիտեցին ցուցադրուած Լիբանանի մշակոյթով յարդարուած սենեակ մը, աթոռ հիւսելու եւ  լիբանանեան լաւաշով ուտելիքներու պատրաստութիւնը:

Երկրորդ բաժինը յատկացուած  էր վարժարանի   աշակերտութեան, որուն ընթացքին բաժնուեցան զանազան խումբերու եւ իւրաքանչիւրը ունեցաւ իր յատուկ գործունէութիւնը: Առաջինէն հինգերորդ  դասարան ներկայ գտնուեցան Անի Ումուտեանի պատրաստած ու նկարներով ներկայացուած անցեալի եւ այժմու Պէյրութ քաղաքի նկարներու ցուցադրութեան: Սինթիա  Տարագճեան 3D-ով  ներկայացուց Լիբանանի քարտէսը, անոր գլխաւոր քաղաքները եւ հնութիւնները: Այլ խումբ մը դիտեց իրենց դասընկեր-դասընկերուհիներուն կողմէ  պատրաստուած ծրագիրներուն բացատրութիւնը: Երրորդէն վեցերորդի աշակերտներ ներկայ գտնուեցան վեցերորդ դասարանի ներկայացուցած Լիբանանի նշանաւոր դէմքերուն ու անոնց կենսագրութիւններուն ներկայացման: Իսկ եօթներորդ եւ ութերորդ  դասարանի աշակերտները ներկայացուցին  Լիբանանի զբօսաշրջային վայրերը: Միեւնոյն  ժամանակ առաջինէն երրորդ  դասարանները  ունեցան իրենց ձեռային աշխատանքը, որուն ընթացքին քրեփ թուղթերով շինեցին Լիբանանի  դրօշակը:

Այսպիսով, այս յատուկ օրը վերջ գտաւ:

Թորոսեան վարժարանը միշտ կը հաւատայ, թէ միայն ուսումով չէ, որ անձ մը կը կերտուի, այլ  խիստ  կարեւոր  է  անոր ընդհանուր  զարգացումը: Այս կէտէն մեկնելով` վարժարանը այս տարեշրջանի ընթացքին կազմակերպած էր նաեւ (Ըրթ տէյ, էփըլ տէյ) ու պիտի շարունակէ   կազմակերպել նոյնանման ծրագիրներ:

Վարձքերնիդ կատար կ՛ըսենք պատրաստող  ուսուցչուհիներուն եւ մեր աշակերտներուն ու կը  ցանկանք, որ յաջորդ տարիներուն շարունակուին  նոյնանման ծրագիրները:

 

                                                                               ԱՆԻ ԳԱԼԵՆՏԵՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES