Ընդառաջելով Ընկերային Ապահովութեան Նախարարութեան Կոչին. Հայ Աւետարանական Կերթմենեան Վարժարանը Կը Զօրակցի Մանուկներու Իրաւունքներուն
Նախաձեռնութեամբ ընկերային հարցերու նախարարութեան, 4-6 յունիսին նշուեցաւ Մանուկներու միջազգային օրը: Այս 3 օրերը նուիրուած էին այն մանուկներուն, որոնք զրկուած են իրենց տարրական իրաւունքներէն, ինչպէս նաեւ` խաղալ, դպրոց երթալ, ապահով զգալ իրենց միջավայրին մէջ եւ այլն:
Առ այդ, ընդառաջելով ընկերային հարցերու նախարարութեան կոչին` զօրավիգ կանգնելու նման մանուկներուն, Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանի աշակերտութիւնը` ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, փողոց իջնելով վարդեր բաժնեցին անցնող ժողովուրդին եւ ինքնաշարժներուն: Վարդերուն վրայ գրուած էին կարգախօսներ, որոնք կ՛արտայայտէին աշակերտներուն զօրակցութիւնը նմանօրինակ մանուկներուն նկատմամբ:
CATEGORIES Գաղութային



