Լիբանանահայ Արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանին Քանդակը Նուիրուած Է Ֆրանչեսկոս Ա. Պապի Վատիկանի Մէջ

Երկուշաբթի, յունիս 3-ին, Ֆրանչեսկոս Ա. պապը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ պատուիրակութեան մը հետ, զոր կը գլխաւորէր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքը: Հայ կաթողիկէ հայոց պետը սրբազան քահանայապետին նուիրեց խաչելութիւնը ներկայացնող պրոնզաձոյլ քանդակ մը, որ անոր ընդունարանը բերուեցաւ երկու անձերու կողմէ:
66 սմ. բարձրութեան պրոնզէ քանդակը գործն է համաշխարհային համբաւի տէր լիբանանահայ քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանի:
Նկարագրելով քանդակի խորհուրդը` Թոքաթլեան ըսաւ. «Քրիստոսի կերպարին ետեւ գտնուող մեխերը կը ներկայացնեն մեր տառապանքները, զոր Ան կը կրէ մեր փոխարէն:
Խաչը ինքնին ստացած է Անոր մարմնին կերպը եւ վերածուած` քրիստոնէութեան խորհրդանիշին: Խաչին գագաթը ստացած է նետի կերպ` թելադրելով այն միտքը, որ Իր` Յիսուս Քրիստոսի միջոցով մենք պիտի հանդիպինք մեր Արարիչին` Աստուծոյ»:

