Ժընեւի Մէջ Շարլ Ազնաւուր Նեցուկ Կը Կանգնի «Եփրեմ» Ոսկերչական Տան «Խաչքար» Նախաձեռնութեան

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

2013 թուականին լիբանանահայ նշանաւոր ոսկերչական  «Եփրեմ» հաստատութիւնը նախաձեռնեց «Խաչքար» ոսկեայ ադամանդակուռ ապարանջանի ստեղծման… Գլուխ-գործոց մը, որ կը հետապնդէ հայկական ազգային եւ բարեգործական վեհ նպատակներ:

9-րդ դարուն յայտնուած հայկական խաչքարերը մեծ նշանակութիւն ունէին հայ ժողովուրդի եւ քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ եւ այսպիսի ոսկերչական ստեղծագործութեան մարմնաւորումը պիտի դառնար աշխարհասփիւռ հայերու միաւորման եւ ազգային փառքի խորհրդանիշ: Անոր համար է, որ «Խաչքար»-ի որեւէ գնում կը նպաստէ հայկական ժառանգութեան երկարակեցութեան` մանաւանդ որ վաճառքի 5 տոկոսը պիտի տրամադրուի հայկական դպրոցներու օգնութեան հիմնադրամին:

Որպէսզի այս ազգանուէր նախաձեռնութեան վրայ հայ եւ օտար գնորդներու ուշադրութիւնը սեւեռէ, «Եփրեմ» ոսկերչական տունը կապուեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուրին, որ ազնուօրէն հրաւիրեց լիբանանահայ հաստատութիւնը` հանդիպում մը ունենալու Ժընեւի «Ինթըրքոնթինենթըլ» պանդոկին մէջ:

Հայազգի նշանաւոր երգիչը եւ մեծ հայրենասէրն ու մարդասէրը, հրճուանքով ընդունեց «Խաչքար»-էն օրինակ մը հայկական նռան գինիի սրուակին հետ եւ խոստացաւ ամէն կարելի միջոցներով օժանդակել այս բարեսիրական ծրագրի յաջողութեան` օգնելու համար հայ ազգի դարբնոց-դպրոցներուն:

Հայկական այբուբենով եւ ամերիկահայ անմահ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքերով, թանկագին քարերով պարուրուած հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնն ու ոսկերչական արուեստը ներկայացնող «Խաչքար»-ը, միշտ պիտի զարդարէ մեծ հայորդի Շարլ Ազնաւուրին դաստակը` որպէս խորհրդանիշ սփիւռք-Հայաստան  միասնութեան` ի փառս հայ դպրոցին ու գիտութեան բարգաւաճման:

Ժընեւ-Պէյրութ

 

Share this Article
CATEGORIES