Էրտողան Միջազգային Դատարանին Առջեւ

Հայեւսուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ, Հալէպի եւ սուրիական  առեւտուրի գրասենեակներու միութեան անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեան տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ 80 թուրք այլ անձնաւորութիւններու դէմ դատ բացուած է եւրոպական դատարաններէն մէկուն մէջ, իր կառավարութեան հովանաւորութեամբ եւ օժանդակութեամբ Սուրիոյ մէջ գործարանները թալանելու եւ Թուրքիա տեղափոխելու մեղադրանքով, ինչպէս նաեւ` սուրիական տնտեսութեան ենթակառուցուածքը քայքայելու, մանաւանդ` տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպի մէջ: Անոր համաձայն, երկրորդ դատ մը ներկայացուեցաւ Էրտողանի կառավարութեան դէմ Լա Հէյի միջազգային քրէական դատարանին առջեւ, ուր ինթըրփոլը պիտի հետապնդէ թրքական կարգ մը անձնաւորութիւններ:

Դատը ներկայացուեցաւ առեւտրական, արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական, զբօսաշրջութեան պալատներու եւ փաստաբաններու սենտիքային կողմէ:

Լեւոն Զեքի Ետալեան, որ նաեւ Հայեւպելճիքական գործարարներու խորհուրդի նախագահն է, նկատել տուաւ, որ գոյութիւն ունին հաւաստի փաստեր` լսատեսողական արձանագրութիւններ եւ հեռաձայնային խօսակցութիւններ, առաւել` նկարահանուած տեղեկագիրներ, որոնք կրնան ուղղակի ամբաստանել թուրք պատասխանատուներն ու անոնց գլխուն կանգնած Էրտողանը` Հալէպի գող ծածկանունը կրող: Դատերուն նկատմամբ լաւատես ըլլալու տուեալներէն է այն, որ զոյգ դատարանները ընդունեցին թղթածրարները, որովհետեւ անոնց մէջ կային շօշափելի փաստեր ու տուեալներ: Կը սպասուի արդար հարցաքննութիւն մը, քանի որ երոպական դատական մարմինը անկողմնակալ է եւ կը համագործակցի իրաւական կազմակերպութեան հետ, որ արձանագրուած է ՄԱԿ-ի մէջ «Իրաւունք» անուան տակ: Յատկանշական է, որ այս կազմակերպութիւնը նախապէս վճիռ արձակած էր Իսրայէլի օրուան վարչապետ Արիէլ Շարոնի դէմ, որ Լիբանանի Սապրա եւ Շաթիլա պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ սպանդներ գործած էր:

Լեւոն Զեքի Ետալեանի համաձայն, եւրոպական միջավայրը այս դատին ընդմէջէն պէտք է գիտակցի, թէ Թուրքիա ինչ դերակատարութիւն կ՛ունենայ Սուրիոյ մէջ եւ ինչ աւերներ, կողոպուտ, հրկիզումներ կը գործէ, դիտել տալով, որ անոնց նմանը հաւանաբար արդի պատմութիւնը տակաւին չէ ապրած: Արդարեւ, կառավարութեան մը գիտակցութեամբ եւ բացայայտ կերպով կը կատարուին այս բոլորը սուրիական տնտեսութիւնը տասնեակ տարիներ ետ տանելով, մեծ թիւով առեւտրականներու եւ գործարանատէրերու հսկայական գումարներով վնաս պատճառելով:

Տակաւին կայ աւելին. արդարեւ, սուրիական շատ արժէքաւոր իրեր եւ պատմական կոթողներ գողցուած եւ փոխադրուած են Թուրքիա, ինչ որ նաեւ մեծ վնաս կը հասցնէ սուրիական զբօսաշրջութեան:

Սուրիոյ  տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը իր կարգին հաստատեց, որ նախարարութիւնը պիտի կազմէ յատուկ գրասենեակ` թրքական ապրանքը կասեցնելու, զանոնք պոյքոթի ենթարկելու եւ ապագային ներդրումը չարտօնելու, մանաւանդ այն ընկերութիւններուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին Էրտողանի կառավարութեան եւ իրենց արտադրութիւնները ապօրինի կերպով կը բերեն Սուրիա:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարութիւնը նամակներ ուղարկած էր ՄԱԿ-ի քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին` նշելով, որ Հալէպի մէջ մօտ հազար գործարաններ կողոպտուեցան եւ փոխադրուեցան Թուրքիա թրքական կառավարութեան գիտակցութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES