Իմաստասիրութիւնը Հայ Ժողովուրդին Մօտեցնելու Փորձ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայկական առօրեային եւ հրապարակագրութեան մաս չի կազմեր իմաստասիրական մտորումը: Տակաւին, ամբոխային արտայայտութիւններ կան բոլոր ժողովուրդներու մօտ, երբ կ’ըսուի` «մի՛ փիլիսոփայէր»: Թէեւ կան ժողովուրդներ, որոնք կը կազմակերպեն իմաստասիրական հարցերով խորհրդաժողովներ, կը հրատարակեն գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ, ունին այդ հարցերով լոյս տեսնող պարբերաթերթեր: Իմաստասիրութիւն ուսանած հայեր կան, եղած են փայլուն դէմքեր, բայց անոնք մնացած օտար շրջանակի մէջ, անծանօթներ են նոյնիսկ հայկական մտաւորական շրջանակներու համար: Անոնք, որոնք մնացած են հայկական շրջանակի մէջ, իրենց գիտութիւնը, փորձը եւ միտքերը փորձած են դրսեւորել գրականութեան ճամբով կամ քաղաքական արտայայտութիւններով:
Երբեմն կը մտածեմ, որ բազմապիսի հարցերուն նկատմամբ մեր ժողովուրդին մօտեցումները այլ մակարդակ եւ խտութիւն կ՛ունենային, եթէ ան լուսաբանուած ըլլար եւ անմիջականէն անդին իմաստներ փնտռէր, հեռանկարներ տեսնելու փորձ ընէր, ինքզինք տեղադրէր համամարդկային կեանքի մէջ` առանց ինքնութիւն մոռնալու: Ի՞նչ բան կ’արգիլէ, որ յոյսը իրականութիւն դառնայ եւ մեր նախաձեռնութիւններն ու վերաբերումները ունենան մարդ եւ ազգ պահող որակ: Մարդկութիւնը տեւաբար հոլովոյթի մէջ եղած է, որպէս ապրող էակ` ստեղծելով քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ, գիտութիւն եւ արհեստագիտութիւն, նոյնին վրայ գումարելով նորը եւ տարբերը: Այսինքն, մարդը կը ստեղծէ մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն, որոնք կը վերստեղծեն զինք: Եւ այս հոլովոյթը, մեր մոլորակի կեանքին եւ անոր վրայ մտածող մարդու երեւման ժամանակին բաղդատած` շատ կարճ է:
Իմաստասիրական մտորումը յաճախ ինքզինք սահմանափակած է կրօնական խօսքի կամ ընթացիկ բարոյախօսութեան մակարդակին: Բարոյական խորացած ըմբռնումները առանձնացուած «գրականութիւն» չեն եղած մեր պարագային, ինչպէս ան կը ներկայանայ, օրինակ, Պղատոնով, Էմմանուէլ Քանթով, կամ ներկայի ժամանակակիցներով: Այս պատճառով ալ չենք յաջողիր հայկական հաւաքականութիւններուն փոխանցել հիմնական եւ հիմնարար գաղափարներ, զորս կրնանք կոչել ծիսականէն անդին գտնուող հաւատք կամ խորապէս ապրուող ազգային գաղափարախօսութիւն: Վարժութիւնը չկայ, հետեւաբար չկայ նաեւ պահանջը: Առօրեային առնչուող անմիջական լրատուութիւնը, խանդավառող կամ յուսալքող, առաւօտուն իմացուող եւ կէսօր չեղած մոռցուող, բանավէճերու մակարդակին մարող, ցոյց կու տայ, որ հաւաքականութիւններու միացման եւ վերականգնման համար ան անբաւարար է: Լսուող-կարդացուող եւ անմիջապէս մոռցուող, անբաւարար` հարցականներու դիմաց կանգնելու, պատասխաններ փնտռելու եւ ըստ այնմ կողմնորոշուելու:
Հիացումով կը կարդամ ֆրանսական մամուլին մէջ իմաստասէրներու արտայայտութիւնները օրուան հրատապ հարցերուն մասին: Կը նշանակէ, որ իմաստասիրական միտքը փղոսկրեայ աշտարակի մենակեացներու համար չէ միայն: Անոնք յաճախ կը հրաւիրուին հեռատեսիլի յայտագիրներուն մասնակցելու եւ կը բերեն քաղաքապետ-թաղապետ ընտրել-ընտրուելու մտմտուքէն տարբեր լուսաւորում, մեկնաբանութիւն, դատում: Այսինքն` ակնթարթին մէջ բանտարկուած մնալու մերժում մը, որպէսզի ե՛ւ անհատին ե՛ւ հաւաքականութեան կացութիւնները ըմբռնուին: Երբ ակնթարթէն, կաղապարուած միտքերէն եւ կարգախօսներէն անջատուելու վարժութիւն կ’ունենանք, յաջողութեան եւ ձախողութեան, անցեալի եւ ապագայի մասին մեր ըմբռնումները եւ դատումները կ’ունենան այլ որակ, եւ չենք բաւարարուիր թութակաբար կրկնուող առածներով եւ առակներով:
Օրինակ, մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը համար անհրաժեշտ է զարգացնել յանձնառութեան իմաստասիրութիւնը, որուն բացակայութեան համատարած վերաբերում կը դառնայ «ամէն մարդ իր գլխուն ճարը թող նայի» եսապաշտական անսկզբունք եւ անվաղորդայն (չ)իմաստութիւնը: Պէտք չէ զարմանալ, որ հակառակ խօսուած ճառերու եւ պոռոտախօսութիւններու, որպէս ազգային հաւաքականութիւն` կը տարտղնուինք, կ’այլասերինք, ժամանակ մըն ալ պահելով յիշատակի եւ զգացումի թելադրութիւնները, հուսկ կորսնցնելով հարազատ մեր ինքնութիւնը, միաժամանակ խրելով նպատակ դարձած նիւթապաշտութեան մէջ: Մերօրեայ աղէտ-արտագաղթը միայն նպարավաճառային տուեալներով չի բացատրուիր:
Եթէ մեր մտաւորականութիւնը, գրողները, մամուլը, զանգուածային լրատուամիջոցները եւ ղեկավարութիւնները, որակ ունեցող, հետեւաբար դրական աշխատանք տանելու ատակ զանգուած կ’ուզեն ունենալ, հայեցակէտ պէտք է փոխեն, անմիջականի ստրկութենէն հեռանան եւ հեռացնեն զանգուածները: Ի հարկէ, աւելի դիւրին է ըսել, քան ընել: Ճահճացումը կը դարմանուի յառաջդիմելու եւ միացնելու որոշումով եւ նախաձեռնութիւններով:
Բայց եթէ չենք ուզեր ըլլալ եւ զանգուածները դարձնել Պղատոնի նկարագրած քարայրին մէջ շղթայուած մարդիկը, որոնց համար իրականութիւնը պատին վրայ սահող ստուերներն են, քանի որ անոնք չեն տեսներ դուրսը քալողները, իրատեսութիւն եւ ապագայատեսութիւն պիտի մշակենք::
Այսպէս, եթէ զանգուածները պիտի գան բովանդակութիւն ունեցող յանձնառութեան, անոնք պէտք է տեսնեն այն ամէնը, որուն ստուերով կը լեցնեն իրենց անվաղորդայն ներկան եւ ակնթարթային ժամանակը:
Այս խնդիրները հարկ է արծարծել, նոյնիսկ երբ գիտենք, որ ընթերցողը պիտի սահի էջին վրայէն կամ ունկնդիրը հեռատեսիլի ալիքը պիտի փոխէ:
Այս ճիգը պէտք է ընել հրաշք մէկին համար, երկրորդ մէկին համար, եւ այդպէս շարունակ, յոգնակիացող մէկերուն համար: Այս ճիգն ալ ազնուական յանձնառութիւն է, սէր եւ յարգանք այն միւսին հանդէպ, որ մենք ենք, հաւասարներ:
Մարդիկ միշտ պիտի կրկնեն, որ «ժամանակ չունին»: Հակառակ այդ յանկերգին` այս տողերը ցանկութիւն են, նաւաբեկեալի շիշին մէջ դրուած եւ ծով նետուած կանչին պէս:
Ի՞նչ բան կ’արգիլէ, որ յոյսը իրականութիւն դառնայ եւ մեր նախաձեռնութիւններն ու վերաբերումները ունենան մարդ եւ ազգ պահող որակ:
24 մայիս 2013, Նուազի-լը-Կրան

