«Ծիածանի Հետքերով» (Հեղինակ` Մակի Հալաճեան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2013-ին, Կիպրոս, լոյս տեսաւ կիպրահայ կրթական մշակ եւ արձակագիր Մակի Հալաճեանի «Ծիածանի հետքերով» խորագրեալ հատորը:
Հեղինակը ծնած է Նիկոսիա: Հինգ տարի յաճախած է Ֆամակուսթայի ազգային վարժարանը եւ չորս տարի` Նիկոսիոյ «Նարեկ» ազգային վարժարանը:
Աւարտելէ ետք իր երկրորդական ուսումը Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, մեկնած է Երեւան, ուր հետեւած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղին եւ ստացած` մագիստրոսի վկայական: Կիպրոս վերադարձին պաշտօնավարած է Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ` դասաւանդելով հայոց լեզու, գրականութիւն, գրաբար եւ մատենագրութիւն:
Ներկայիս, տասնհինգ տարիներէ ի վեր, կ՛ուսուցանէ հայոց լեզու եւ պատմութիւն` Կիպրոսի «Նարեկ» վարժարանին մէջ:
Հեղինակը երեք տարիէ ի վեր Երեւանի պետական համալսարանի մանկավարժական բաժնին մէջ կը պատրաստէ իր տոքթորական թեզը:
Այժմ կ՛աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին:
Յիշեալ հատորը կը բաղկանայ 160 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 32 տպաւորապաշտ պատմուածքները:
Սոյն գործին սկիզբը Համբիկ Մարտիրոսեան «Բարի գալուստ ու բարի ճանապարհ» խորագրեալ յառաջաբանով կը շնորհաւորէ երիտասարդ հեղինակին վերոյիշեալ երախայրիք հրատարակութիւնը:
Պէտք է ըսել, որ սէրը կը հանդիսանայ հիմնական ենթահողը հատորը բովանդակող գրութիւններուն: Այս յղացքով, զգացապաշտ հեղինակ մըն է Մակի Հալաճեան, որ կ՛արտայայտէ իր սիրազեղ զգացումները հանդէպ իր սիրած էակին` անխառն ոգեւորութեամբ:
Կը սիրէ կեանքը: Կը սիրէ մանաւանդ ստուերախիտ խորհրդաւորութեամբ յատկանշուած այն անտառը, ուր կը գտնուի իր սիրատարփ ապրումներուն հեքիաթային բնաշխարհը: Որեւէ ատեն, աշխատանքի ընթացքին թէ հանգստեան կենսուրախ ժամերուն, ան մուտք կը գործէ այդ անտառէն ներս գովերգելու իր սէրը` յուզական քաղցրութեամբ: Ահա թէ ինչո՛ւ հատորին առաջին բաժինը լիցքաւորող գրութիւնները կը քողազերծեն անտառային գեղեցկութեամբ պատմուճանուած խորհրդասքող աշխարհ մը, ուր իւրաքանչիւր պահ լրիւ կը համապատասխանէ հեղինակի սիրատոչոր ապրումներուն:
Արդարեւ, Մակի Հալաճեանի կենդանագրած սիրավէպը կը կոչուի «Աշնանային սէր», ուր հեղինակը կը յայտնէ իր սիրածին միչեւ մահ անոր հաւատարիմ մնալու իր խոստումը, ինչպէս կ՛ըսէ հետեւեալ տողերով.
«Համատարած լռութի՜ւն է… Հոգի՛ս… Մենք չենք խօսիր… խօսքերն աւելո՛րդ են արդէն:
… Թող ա՛լ բնութիւնը խօսի… Ձմեռը իր հեղեղներով, գարունը իր ծաղկունքո՜վ, ամառը իր ծլվլան թռչնիկներո՜վ, իսկ աշունը` մեր եզական սիրո՛վ…
Ես… կը հաւատա՛մ մեր սիրոյ յաւերժութեան… Ե՞րբ կը յաւերժանայ սէրը, հոգի՜ս, գիտե՞ս, արդեօք… Երբ… ես ապրիմ քո՛ւ մէջդ, եւ դուն` իմ… յաւիտեան…»:
«Ծիածանի հետքերով» խորագրեալ հատորին տարբեր գրութիւններով Մակի Հալաճեան կ՛արծարծէ ազգային, կրօնական, հայրենասիրական եւ մարդկային բնոյթ կրող հարցեր:
Այսպէս, հեղինակը խորապէս կը տագնապի` վերյիշելով թուրքերու կողմէ նենգօրէն բռնագրաւուած մեր պապենական հողերը: Այս կապակցութեամբ, իր միակ բաղձանքն է, որ հայոց կորուսեալ ոստանները փրկուին եւ միանան մեր հայրենի հարազատ աշխարհին…
Հեղինակը կ՛արծարծէ նաեւ կարգ մը ընդհանրական երեւոյթներ, ինչպէս` ծովը, որուն հանդէպ կը տածէ սէր եւ հիացում: Այս առիթով Մակի Հալաճեան կ՛ըսէ, թէ ծովը ունի երկու հմայիչ բարեյատկութիւններ, թէ` ծովը կը պահէ իր խորշերուն մէջ հիանալի գաղտնապահութեամբ անհամար գաղտնիքներ, եւ թէ` իր բազմերանգ խաղերով ծովը հանդարտութիւն կը շնորհէ մարդոց` փարատելով անոնց սրտերէն վիշտն ու մորմոքը:
Մակի Հալաճեան պահ մը կը տարուի այն մտածումով, թէ կեանքը յարատեւ շարժում է: Կ՛ըսէ, թէ շարժումը հոմանիշն է կեանքի, իսկ անշարժութիւնը` շիրմային իրականութեան:
Առօրեայ կեանքի մէջ ան կը նկատէ, թէ ամէն երեւոյթ շարժում է, ինչպէս` հովը, որ յարատեւ շարժման կ՛ենթարկէ ամպերու ծուէններն ու ծառերու սաղարթները: Կ՛ըսէ, թէ ամէնուրեք միայն շարժում կը նկատէ, ինչպէս` կատուի մը մլաւիւնը, ինքնաշարժներուն եռուզեռը, գետերու ջրափրփուր վազքը եւ ծովերու խելացնոր շառաչը: Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ ընկերային կեանքի մէջ եւս կան բարի եւ վատ ազդեցութիւն ներգործող շարժումներ: Այս յղացքով, ան կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը, թէ` «Կեանքը դրական շարժումներու ամբողջութիւն մը կը դառնայ մեզի համար, երբ դրական կերպով կը մտածենք եւ միշտ բարին կը գործենք»:
Մակի Հալաճեանի գրութիւնները ընդհանրապէս յուզիչ են ու տխուր, տրուած ըլլալով, որ իր նկարագրած տիպարները զոհերն են անողորմ ճակատագրի մը: Այս եղերական կացութեան ցայտուն օրինակն է «Մայրը» խորագրեալ տպաւորապաշտ գրութիւնը, ուր հեղինակը կը նկարագրէ Կիպրոսի ծերանոցին մէջ ապաստան գտած չորս անօթեւան ծերունի կիներ, որոնք իրենց կեանքի վերջալոյսի դէպի անդենական աշխարհ կատարելու վերջին ճամբորդութեան կը սպասեն…
Հեղինակը իրապաշտ գոյներով կը ներկայացնէ ծերանոցին տխրաբոյր մթնոլորտը, ուր ամէն վայրկեան կը թեւածէ մահուան ստուերը…
Իր ծանօթ մամիկին այցելելէ ետք եւ տուն մեկնելէ առաջ ան կը նստի ծերանոցի մուտքին զետեղուած նստարաններէն մէկուն վրայ ու կը զրուցէ իրեն ծանօթ անձերու հետ: Այդ պահուն կը նկատէ անկիւն մը նստած ծեր կին մը, որ զինք կը դիտէ: Հեղինակը իր խօսակիցներէն կ՛իմանայ, թէ այդ յոյն կինը կ՛ապրէր առանձին: Բազմանդամ ընտանիքի մը մեծ մայրն էր ան, որ հակառակ տասը զաւակներ եւ թոռներ ունենալուն` ոչ ոք կ՛այցելէր իրեն: Մակի Հալաճեան կ՛ըսէ, թէ կը համբուրէ անոր ոսկրացած մատները ու կը մեկնի կրկին այցելելու խոստումով…
Արդարեւ, օր մը, երբ դարձեալ կ՛այցելէ ծերանոց, կը տեսնէ այդ ծերունի յոյն կինը, որ կը տագնապի հոգեվարքի մէջ եւ կարճ ժամանակ ետք կ՛աւանդէ հոգին…
Հեղինակը կ՛աւարտէ իր պատմուածքը հետեւեալ սրտայոյզ խօսքերով. «Ակնապիշ կը դիտէի այդ տեսարանը: Առաջին անգամ մինակ կը գտնուէի անշնչացած «էակ»-ի մը կողքին: Աղօթք մը մրթմրթալով` օրհնեցի յոյն կնոջ «երթ»-ը` միայն գութ աղերսելով իր աշխարհ բերած տասը անգութներուն համար…»:
Պէտք է ըսել, որ «Ծիածանի հետքերով» խորագրեալ հատորը համադրոյթն է գեղեցիկ պատմուածքներու, ուր Մակի Հալաճեան կը ցուցաբերէ հայ լեզուի հանդէպ բծախնդրութիւն ու գեղագիտական ճաշակ: Ունի հարուստ բառապաշար ու երեւակայութիւն: Յուզական տարրը գլխաւոր յատկանիշն է իր գրութիւններուն:
Մայիս 2013
Պէյրութ

