Վալտես Պիտի Ամբողջացնէ Իր Ստորագրած Պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի Հետ

Պարսելոնայի նախագահ Սանտրօ Ռոսել իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ակումբին բերդապահը Վիքթոր Վալտես, վերջին տարեշրջանն ըլլալով մաս պիտի կազմէ խումբին` նկատի ունենալով, որ ան պիտի ամբողջացնէ իր ստորագրած պայմանագրութիւնը:

Սպանացի միջազգային բերդապահը մերժեց իրեն առաջարկուած նոր պայմանագրութիւնը երկարաձգել 2014-էն աւելի:

31 տարեկան Վալտես ըսաւ, որ կ՛ուզէ այլ երկիրներու ախոյեանութեան մրցումներէն ալ տեղեակ ըլլալ եւ անոնց փորձառութենէն օգտուիլ. ան սակայն չճշդեց, թէ ո՛ր ակումբին մաս պիտի կազմէ:

Ռոսել ըսաւ, որ մենք շատ ուրախ ենք, որովհետեւ ան յառաջիկայ տարեշրջանին ալ (2013-2014) մաս պիտի կազմէ խումբին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES