Ռոնալտօ Կը Հերքէ Ռէալ Մատրիտի Հետ Նոր Համաձայնութեան Մը Կնքումը
Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյով մօտէն հետաքրքրուած են շարք մը ակումբներ, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Մոնաքօ:
Թէեւ մայրաքաղաքի կազմին հետ անոր համաձայնութիւնը կ՛աւարտի 2015-ի ամրան, սակայն, արդէն իսկ մեծ աշխատանք կը տանի զայն երկարաձգելու:
Ատկէ մեկնելով` փորթուգալցին կ՛ըսէ, որ Ռէալի հետ նոր համաձայնագիր մը կնքելու մասին շրջան ընող լուրերը երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ եւ բոլորն ալ կեղծ են:
CATEGORIES Մարզական

