«Էն. Պի. Էյ.». Հիթ – Սփըրզ` 2-2
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումին արձանագրուած արդիւնքը պատճառ դարձաւ, որ 2-2 հաւասարութիւնը տիրապետէ Մայեմի Հիթի եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզի միջեւ:
Հիթ յաջողեցաւ 109-93 արդիւնքով յաղթել Սփըրզին:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմզ նշանակեց 33 կէտ, իսկ անոր խմբակիցներ` Տուայն Ուէյտ եւ Քրիս Պոշ, յաջորդաբար` 32 կէտ եւ 20 կէտ ու 13 ռիպաունտ: Սփըրզի մարզիկ Թիմ Տանքըն նշանակեց 20 կէտ:
Անոնց միջեւ հինգերորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Սան Անթոնիոյի մէջ, կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող ժամուն:
CATEGORIES Մարզական

