ՀՄԸՄ-Ռաուտա. Ժոզեֆ Պիլենզիկճեանի Յիշատակին Նուիրուած Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբին, 7-9 յունիսին Ռաուտայի Էհլանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ երեք օրերու վրայ երկարող մինի ֆութպոլի մրցաշարք մը` նուիրուած Ժոզեֆ Պիլենզիկճեանի յիշատակին:

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին չորս խումբեր (երկու մեծ եւ երկու փոքր):

Մեծերու տիտղոսին տիրացաւ Էհլան-3, որ աւարտականին 7-1 արդիւնքով յաղթեց Էհլան-1-ին, իսկ փոքրերու մրցաշարքին տիրացաւ Էհլան-3-, որ 5-4 արդիւնքով յաղթեց Էհլան-2-ին:

Մրցաշարքին աւարտին խօսք առաւ ՀՄԸՄ Ռաուտայի վարչութեան ատենապետ Տենի Տերվիշեան, որ շնորհաւորելէ ետք բոլորը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան այս մրցաշարքի յաջողութեան համար, մանաւանդ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, որ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ նեցուկ կանգնելու ՀՄԸՄ Ռաուտայի:

Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ լիբանանահայ միջազգային իրաւարար Վարդան Մաթոսեանին, որ երեք օրերուն ընթացքին սիրայօժար կերպով եղած էր մրցումներուն իրաւարարը:

Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ մի՛շտ միասնաբար պէտք է, որ բարձրանանք եւ բարձրացնենք:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Մարզիկներուն տիտղոսներն ու մետալները յանձնեցին, Յարութ Ալաճաճեան, Միքայէլ Կերեքմեզեան, Կիրակոս Գարակէօզեան, Պօղոս Ասողլեան, Վարդան Մաթոսեան եւ Ռուբէն Թերզեան:

Մեծերու կոլսքորըրը եւ տիպար մարզիկի տիտղոսին տիրացաւ Գառնիկ Նորշահեան, իսկ փոքրերու կոլսքորըրը` Տենի Տիապ:

Տիպար մարզիկներու կարգին եղան եւ մետալներ ստացան նաեւ` Խաչօ Սերոբեան, Սէրուժ Քէշիշեան, Փիեռ Թերզեան, Յակոբ Ասողլեան, Անդօ Թաշճեան, Ռոնի Նաժահ եւ Տենի Տիապ:

Յատուկ մետալ մը յանձնուեցաւ նաեւ մարզիչ Գէորգ Գոճավաքեանին` իր տարիներու ծառայութեան համար, իսկ լաւագոյն բերդապահը ընտրուեցաւ Սարգիս Մնասսան:

Վերջապէս, ծաղկեփունջ մը յանձնուեցաւ իրաւարար Վարդան Մաթոսեանին` առ ի երախտագիտութիւն:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

 

Share this Article
CATEGORIES