Ըստ Արաբական Ծոցի Շրջանէն Եւ Եւրոպացի Պաշտօնատարներու. Քաթարի Գահաժառանգը Մօտ Օրէն Երկրին Ղեկը Պիտի Ստանձնէ

Թամիմ պըն Համատ

Արաբական Ծոցի շրջանէն եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ միաձայնութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթին յայտնեցին, որ` «Քաթարի իշխան Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանութենէն հրաժարելով` զայն իր գահաժառանգ Թամիմ պըն Համատին յանձնելու հարցին մէջ շատ լուրջ է, եւ կը սպասուի, որ այս առումով դասաւորումները մօտ օրէն յայտարարուին»:

Նշենք, որ բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը ուրբաթ օր հաղորդած էր, որ իշխանը երկրին ղեկը իր գահաժառանգին պիտի յանձնէ:

Պաշտօնատարները նշեցին, որ` «Քաթարի գահաժառանգը շրջանային, արաբական եւ միջազգային մակարդակի վրայ յարգանք ու գնահատանք կը վայելէ եւ իշխելու իմաստով լաւապէս մարզուած է, ստանձնած է շրջանային կարեւոր թղթածրարներու ղեկավարումը, ինչպէս` սուտանեան Տարֆուրի մէջ խաղաղութեան բանակցութիւնները, լիբանանեան տագնապի լուծումը եւ Եմէնի մէջ խաղաղ իշխանափոխութեան ջանքերը»:

Միւս կողմէ աղբիւրներ «Խալիժ»-ի կը յայտնեն, որ Քաթարի իշխանը այս որոշումը տուած է կատարելապէս համոզուելէ ետք, թէ իր զաւակը իշխանութեան ղեկը ստանձնելու համար հասուն, պատրաստ եւ ատակ դարձած է: Իշխանը իր որոշումը արդարացուցած է յայտնելով, որ տարածաշրջանին մէջ փոթորկալից եւ դժուար ժամանակաշրջանի մը ընթացքին երկարատեւ իշխանութենէ ետք, կ՛ուզէ հանգչիլ:

Աղբիւրները վստահեցուցին, որ Քաթարի, Ծոցի շրջանին եւ Արեւմուտքի մէջ ամբողջական համոզում գոյութիւն ունի այն մասին, որ գահաժառանգը Քաթարի մէջ իշխանութիւնը ստանձնելու ատակ է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES