Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարին Եթովպիա Այցելութեան Թուականը Չէ Ճշդուած
Եգիպտական դիւանագիտական աղբիւր մը սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ տակաւին չէ ճշդուած Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրոյի Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապեպա տալիք այցելութեան թուականը:
Ան հերքեց այն տեղեկութիւնները, որ երկու երկիրներուն միջեւ հանդիպումը վարչապետներու մակարդակի բարձրացնելու կամ երկկողմանի գերաստիճանի կարելիութիւնը քննարկելու պատրաստութիւններ գոյութիւն ունին:
Աղբիւրը չբացառեց, որ այդ քայլը հետագային առնուի` աւելցնելով, որ «ներկայիս խօսքը եւ խորհրդակցութիւնները արտաքին գործոց նախարարի գործուղման մասին է»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութենէն պատասխանատու աղբիւրներ իրենց կարգին «Օքազ»-ին յայտնեցին, որ Եթովպիոյ մէջ Նահտա ամբարտակի տագնապին արաբական գունաւորում տալը ճիշդ չէ` մերժելով Եգիպտոսի մէջ շրջան ընող այն զրոյցները, թէ պէտք է Արաբական լիկային կամ Եթովպիոյ հետ տնտեսական ու քաղաքական լաւ յարաբերութիւններ ունեցող արաբական երկիրներու ճամբով աջակցութիւն ապահովուի:
Աղբիւրը նշեց, որ արաբական որեւէ դերակատարութեան դիմելը տագնապի լուծման այնքան պիտի չնպաստէ, որքան պիտի վնասէ` ազդելով ափրիկեան ամբողջ ցամաքամասին հետ յարաբերութեանց վրայ: Ան աւելցուց, որ Գահիրէն պէտք է ամբարտակի հարցի լուծման համար առաջնահերթութիւնը տայ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ ափրիկեցի ժողովուրդներու, մասնաւորաբար եթովպիացի ժողովուրդին հետ կապերու հաստատման: Պէտք է հարցի լուծման ձգտիլ երկարատեւ ծրագիրներու ճամբով եւ ցոյց տալ, թէ ինքնին ամբարտակի կառուցման դէմ չէ, եւ պատրաստ է հասարակաց շահերը ապահովող համագործակցութեան:
Միւս կողմէ` Սուտանի մէջ Եթովպիոյ դեսպան Ապատի Զամօ հերքեց Նահտա ամբարտակի կառուցման մէջ իսրայէլեան որեւէ դերակատարութիւն: Ան սուտանեան «Սահաֆա» օրաթերթին յայտնեց, որ «Իսրայէլ Նահտա ամբարտակի ոչ կառուցման, ոչ ալ ֆինանսաւորման կը մասնակցի»` նշելով, որ «կարգ մը կողմեր այդ մէկը կը կրկնեն իրենց օրակարգերուն համար» եւ աւելցուց, որ «այդ զրոյցները ճշմարտութեան հետ կապ չունին»:
Եթովպիոյ դեսպանը գովաբանեց Սուտանի կեցուածքը, որուն մասին յայտարարեց տեղեկատուութեան նախարարը, եւ ըստ որուն, Սուտան Նահտա ամբարտակի կառուցումէն կ՛օգտուի: Դեսպանը այդ կեցուածքը «պատուաբեր» նկատեց:


