Համաս Շարժումը Կը Հերքէ Իր Քաղաքական Եւ Զինուորական Թեւերուն Միջեւ Տարակարծութեանց Գոյութիւնը

Պաղեստինեան Համաս շարժումը հերքեց այն լուրերը, թէ իր քաղաքական եւ զինուորական թեւերուն միջեւ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի. ան ամբաստանեց օրաթերթեր, կայքէջեր, կարգ մը գրողներ ու լրագրողներ` սուտ լուրեր ու տարաձայնութիւններ շրջանառութեան մէջ դնելու յանցանքով:

Իսլամական շարժումը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ` «շարժումին մէջ որեւէ տարակարծութիւն կամ «ներքին Համաս», «Արտասահմանի Համաս», «Քաթարի Համաս», «Իրանի Համաս» կամ «Եգիպտոսի Համաս» կոչեցեալ հակամարտող թեւեր գոյութիւն չունին»:

Share this Article
CATEGORIES