Նիքարակուա Ատլանտեանը Խաղաղականին Կապող Ջրանցքի Մը Կառուցման Արտօնագիր Տուաւ
Նիքարակուայի խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց որոշում մը, որ Հոնկ Քոնկէն ընկերութեան մը արտօնութիւն կու տայ կառուցելու Խաղաղական եւ Ատլանտեան ովկիանոսները իրարու կապող ջրանցք մը, որ Փանամայի ջրանցքին մրցակիցը պիտի ըլլայ:
Ջրանցքին կողքին կը ծրագրուի կառուցել երկաթուղագիծ մը, քարիւղի խողովակաշար մը, երկու նաւահանգիստներ եւ օդակայան մը: Ծրագիրը կը գնահատուի շուրջ 40 միլիառ տոլարով:
Նշենք, որ քուէարկութենէն առաջ տասնեակ ցուցարարներ խորհրդարանին շէնքին առջեւ հաւաք մը կատարեցին` բարձրացնելով պաստառներ, որոնք երկրին նախագահը կ՛ամբաստանէին «հայրենիքը ծախելու» յանցանքով:
CATEGORIES Միջազգային

