Ուաշինկթըն Կ՛ուղղուի Սուրիոյ Մէջ Ռազմական Հաւասարակշռութիւնը Փոխելու
Ամերիկեան լաւատեղեակ աղբիւր մը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա` սուրիական ընդդիմութեան տրամադրուելիք ռազմական օժանդակութեան նոր ծրարի մը ծիրին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով արտօնեց սուրիական ընդդիմութեան զէնք մատակարարել:
Սպիտակ տունը նաեւ յայտարարեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը այն եզրակացութիւնը գոյացուցած է, որ սուրիական կանոնաւոր բանակը քիմիական զէնքեր օգտագործած է: Ամերիկեան Ազգային ապահովութեան խորհրդատուի տեղակալ Պեն Ռոտզ հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ` «մանրակրկիտ քննութիւններէ ետք մեր տեղեկահաւաքի գործակալութիւնները եզրակացուցին, որ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը անցեալ տարուան ընթացքին քանի մը անգամ օգտագործած է փոքր տարողութեամբ քիմիական զէնքեր, որոնց շարքին «Սարին» կազը»: Ան աւելցուց սակայն, որ` «սուրիական ընդդիմութեան զինեալներուն կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման փաստեր գոյութիւն չունին»:
Սպիտակ տան հաղորդագրութիւնը նշեց, որ` «Սուրիոյ հարցով յառաջիկայ քայլերու վերաբերեալ որոշումներ պիտի որդեգրուին ժամանակագրական կարգով», եւ որ` «մեր միջազգային գործընկերներուն ու ՄԱԿ-ին պիտի փոխանցուի քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ զեկուցումը. Ուաշինկթըն Մոսկուայի փոխանցեց այդ զէնքերու օգտագործման շուրջ եզրակացութիւնը»:
Հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ, որ «Ռուսիա տակաւին Ասատի հեռացման համաձայնութիւն չտուաւ»` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարման ջանքերը, «սակայն անոր կայացումը դիւրին պիտի չըլլայ»` նշելով, որ «Օպամա յառաջիկայ շաբաթ Ութերու խմբակին մէջ գործընկերներուն հետ Սուրիոյ շուրջ պիտի խորհրդակցի»:
ՕԹԱՆ Դամասկոսին կոչ ուղղեց` ՄԱԿ-ի հետաքննիչներու արտօնել քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ գետնի վրայ հետաքննութիւն կատարել:
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ժորժ Սապրա` մեկնաբանելով սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու Ուաշինկթընի որոշումը, ըսաւ, թէ` «հաւասարակշռութիւնը անպայման պէտք է փոխուի, եւ մեր երկրին հողին վրայ բնական հաւասարակշռութիւնը պէտք է վերականգնենք»: Ան «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց, որ` «սուրիական ընդդիմութիւնը ունի գլխաւոր նպատակ մը եւ գլխաւոր կէտ մը, որ Հըզպալլայի ներխուժման կասեցումն է եւ սուրիական հողերու ազատագրումը»: Սուրիական ազատ բանակի սպայակոյտի պետ Սալիմ Ըտրիս իր կարգին յայտնեց, որ` «ամերիկացիներէն հակաօդային եւ տեսակարար զէնքեր պիտի ուզեմ», իսկ սուրիական ազատ բանակի քաղաքական եւ մամլոյ հարցերով գործավար Լուայ Մքտատ յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը «Սպիտակ տունէն պաշտօնապէս պիտի խնդրէ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը հաստատել»:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն կը քննարկէ Յորդանանի սահմանին մօտ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատումը:
Ռուսական Հակազդեցութիւնը
Տումայի մէջ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով Սուրիոյ բանակին կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման վերաբերեալ լուրերը «շինծու» նկատեց` աւելցնելով, որ անոնք պատրաստուած են այն նոյն վայրին մէջ, ուր Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի ունեցած զէնքերուն մասին շինծու տեղեկութիւններ պատրաստուեցան` նշելով, որ «Միացեալ Նահանգներ զանոնք օգտագործեց տագնապին միջամտելու համար»: Ան աւելցուց, որ` «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա կ՛ընթանայ ամերիկացի նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի նոյն ուղիէն»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ` «սուրիական ընդդիմութեան զէնք մատակարարելու որոշումը ժխտական ազդակ մըն է, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում գտնելու ջանքերը ձախողութեան կը մատնէ»:
Ան «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ` «ռուսական կողմը պատրաստ է նախապէս ամերիկացի գործընկերներուն հետ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ 25 յունիսին Ժընեւի մէջ խորհրդակցութիւններ կատարելու` Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի պատրաստութեան աշխատանքները քննարկելու համար»` աւելցնելով, որ շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ 28-29 յունիսին Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ Փութին-Օպամա հանդիպումէն:
Լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջը հաղորդեց, որ, ըստ չհաստատուած տեղեկութիւններու, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկուշաբթի օր Ուաշինկթըն կը մեկնի` Օպամայի հետ Սուրիոյ վերաբերեալ հանդիպում ունենալու համար:
Մինչ այդ, Փութին յայտնեց, որ` «Իսրայէլ պէտք չէ մտահոգուի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վրայ մնալէն», որովհետեւ «այս վարչակարգին այլընտրանքը քաոսն ու ծայրայեղ արմատականներու իշխանութիւնն է, ինչ որ Իսրայէլի կամ աշխարհին համար լաւ բան մը չէ»:
Ան նշեց, թէ ինք վստահ է, որ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն վրայ կայունութիւնը պիտի վերահաստատուի, եւ կացութիւնը իր նախկին վիճակին պիտի վերադառնայ:
Սուրիական Հակազդեցութիւնը
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ` «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործման վերաբերող Սպիտակ Տան հաղորդագրութիւնը սուտերով լեցուն է»: Նախարարութիւնը նշեց, որ` «Միացեալ Նահանգներ կը ջանան անպարկեշտ միջոցներով արդարացնել Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամայի սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու որոշումը, եւ ահաբեկչութեան նկատմամբ իր վարմունքին մէջ բացայայտ երկուութիւն կը կիրարկէ»:
Ասատ. «Յաջորդ Ճակատամարտը Քարիւղի
Շուրջ Է, Ու Պէտք Է Զայն Պաշտպանենք
Լիբանանի Ու Սուրիոյ Մէջ»
Սուրիոյ նախագահական պալատի այցելուներ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ըսած է, որ լիբանանցիներն ու սուրիացիները պէտք է իրենց քարիւղի պաշարները պաշտպանեն: «Յառաջիկայ մեծ ճակատամարտը քարիւղի շուրջ պիտի ըլլայ, եւ պէտք է Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող մեր քարիւղը պաշտպանենք ցամաքին եւ ծովուն վրայ: Ծոցի մէջ գտնուող քարիւղը ամերիկացիներուն ձեռքն է, եւ մեր երկիրը քանդելու համար կ՛օգտագործուի, պէտք է մեր քարիւղը օգտագործենք բարգաւաճման ու մեր երկրի զարգացման համար, իսկ անկէ եկած շահը` իսրայէլեան թշնամիին դէմ պայքարին մէջ»:
Ան նշած է, որ ինք թէ՛ հանգիստ է, թէ՛ անհանգիստ: Հանգիստ է, որովհետեւ` «Սուրիա ոչ միայն ռազմավարական վտանգի հանգրուանը շրջանցեց, այլ յաղթեց շնորհիւ այսքան ժամանակ տոկուն մնալուն»: Նաեւ հանգիստ է, որովհետեւ` «սուրիական պետութեան ողնասիւնը տակաւին ամուր է, որովհետեւ երեք միլիոն սուրիացի աշակերտներ պատերազմի պայմաններու մէջ տարեվերջի քննութիւններ կատարած են, սակայն անհանգիստ է, որովհետեւ պատերազմը երկրին ենթակառոյցին, տնտեսութեան եւ շինութիւններուն մեծ վնաս պատճառեց, ինչ որ վերաշինութեան մեծ ջանք պիտի պահանջէ»:

