Իրանի Մէջ Նախագահական Ընտրութիւններ

Իրանի ամբողջ տարածքին միլիոնաւոր քուէարկողներ երէկ ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ` ընտրելու համար երկրին նախագահը:

Քուէատուփերը բացուեցան առաւօտեան ժամը 8:00-ին եւ փակուեցան երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Շուրջ 50 միլիոն քուէարկողներ իրաւունք ունէին ընտրութեան մասնակցելու:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ` «Աստուծոյ կամքով, իրանցի ժողովուրդը քաղաքական նոր դիւցազներգութիւն մը պիտի ստեղծէ»: Ան նաեւ քննադատեց նախագահական ընտրութիւններուն ուղղուած ամերիկեան քննադատութիւնները եւ այն ամերիկացի պաշտօնատարները, որոնք յայտնեցին, թէ ընտրութեան արդիւնքը պիտի չճանչնան` յայտնելով, որ «իրանցի ժողովուրդը… իր շահին համաձայն պիտի կատարէ»:

Share this Article
CATEGORIES