Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ձախողեցուց Ռաս Պաալպեքի մէջ երկու սուրիացիներու առեւանգումը:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ապի Սամրա շրջանին մէջ գտնուող ներքին ապահովութեան ուժերուն պատկանող ոստիկանատուն մը ձեռնառումբի թիրախ դարձած է. արձանագրուած են վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ գիշեր այցելած է վարչապետ Թամմամ Սալամին եւ անոր հետ քննարկած կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ յաջորդ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցչութեան:

ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, թէ ՄԱԿ տեղեակ պահած է իրեն դէմ գործուած սուրիական ոտնձգութիւններուն մասին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի շեշտեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին ընթացքը կը նսեմացնէ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը իրաւունք ունի Սուրիոյ դէպքերուն միջամտելու եւ աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Լիբանանի ապահովական կայունութեան յանձնառու չէ:

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդի անդամ դատախազ Սալահ Մխայպեր յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդի երեք անդամները դիտմամբ կը բացակային խորհուրդին նիստերէն` քաղաքական պատճառներու վրայ հիմնուելով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի վտանգի ահազանգ հնչեցուցած է, որովհետեւ երկրին իրավիճակը հասած է վտանգի ծայրագոյն աստիճանին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը երկրին քաղաքական իրավիճակին գերին է` աւելցնելով, որ ան կարողութիւն չունի շրջանցելու քաղաքական հեղինակութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց, որ գետնի վրայ արձանագրուած իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ Լիբանան մուտք գործած է սիւննի-շիի սադրանքներու մարտադաշտ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ այս հանգրուանին կառավարութեան մը կազմութիւնը շատ դժուար է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ սկսած է քննարկել կառավարութեան կազմութեան նոր ծրագիրներ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի քայլերը ցոյց կու տան, թէ ան ոճրային բնոյթով կը գործէ:

 

Share this Article
CATEGORIES