Զօր. Քահուաժի Կոչ Ուղղեց Սպայակոյտին` Զգաստ Ու Պատրաստ Ըլլալու

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում ունեցաւ բանակի սպայակոյտին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի կոչ ուղղեց` զգաստ ու պատրաստ ըլլալու եւ իրենց ջանքերը բազմապատկելու` գրգռութիւններն ու սադրանքները կանխարգիլելու նպատակով:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ բանակը պիտի պայքարի եւ դիմանայ բոլոր վտանգներուն, ինչպէս նաեւ պիտի յաղթահարէ բոլոր մարտահրաւէրները:

«Բանակը իսկական երաշխիքն է, որ պիտի արգիլէ Լիբանանին` դարձեալ միջամուխ դառնալու շրջանային եւ միջազգային տագնապներուն», ըսաւ ան եւ բանակին հրահանգեց անյապաղ միջամտելու` քաղաքացիական անվտանգութեան ապահովման:

Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի Երազէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւններ:

Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան: Քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ բանակին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES