Սաատ Հարիրի. «Մեղք Է Լիբանանը Սուրիոյ Տագնապին Միջամուխ Դարձնել Եւ Լիբանանցիներուն Շահերը Վտանգել»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ պատասխանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն` նշելով, որ մեղք է Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դարձնել եւ լիբանանցիներուն շահերը վտանգել, ինչպէս նաեւ դէպի անորոշը ուղղուիլ` գիտնալով հանդերձ, որ անոր աւարտը կրնայ քանդիչ ըլլալ:
Անդրադառնալով սէյիտ Նասրալլայի կողմէ Մուսթաքպալ հոսանքին ուղղուած ամբաստանութիւններուն` Հարիրի շեշտեց, որ եթէ սէյիտ Նասրալլա սուրիացիներուն դէմ ոճիրներ գործելու առումով ընկերակից կը փնտռէ, ապա ան Մուսթաքպալ հոսանքէն բացի այլ թիրախներ պէտք է որոնէ:
Հարիրի հերքեց սէյիտ Նասրալլայի կողմէ Մուսթաքպալ հոսանքին վերագրուած բոլոր ամբաստանութիւնները` շեշտելով, որ անոնք անհիմն են ու անճիշդ:
CATEGORIES Լիբանանեան

