Միքաթի Կոչ Ուղղեց` Վերջ Տալու Քաղաքական Եւ Յարանուանական Գրգռութիւններուն

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն` վերջ տալու երկրին մէջ քաղաքական եւ յարանուանական գրգռութիւններուն` շեշտելով, որ Լիբանանին սպառնացող վտանգը մեծ է:

«Պէտք է կանխարգիլել գրգռութիւններուն հրահրումը, որովհետեւ վտանգին ազդու դառնալէն ետք զղջումը ապարդիւն է», հաստատեց Միքաթի:

Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան ներկայիս դժուար կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուի եւ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ սադրանքներուն առաջքը կ՛առնուի միայն լիբանանցիներուն գիտակցութեամբ եւ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումով:

Միքաթի շեշտեց, որ Թրիփոլի ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունի ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակի բռնարարքէ եւ ծայրայեղութենէ հեռու մնալու:

«Թրիփոլի եղած է եւ պիտի ըլլայ գիտութեան, խաղաղութեան եւ ազգային գոյակցութեան քաղաքը», եզրափակեց Միքաթի:

 

Share this Article
CATEGORIES