ԼՕԽ-Ի ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

«ԵՐԳԵՆՔ ՄԻԱՍԻՆ»

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Սոնիա Սիմոնեանի, 12 մայիսի երեկոյեան «Հարտ ռոք քաֆէ»ի մէջ տեղի ունեցաւ «Երգենք միասին» ձեռնարկը:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահին` ձեռնարկին նիւթական ծախսերը հոգալուն համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք կը քաջալերեն ԼՕԽ-ի բոլոր ձեռնարկները` ըլլան անոնք դաստիարակչական, դասախօսական, առողջապահական, արուեստի եւ մշակոյթի առնչուած:

Ապա ներկաները մասնակցեցան հայերէնով, անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով ներկայացուած երգերուն մեկնաբանութեան` ուրախ եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ:

ՏՈՒՐՄԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Չորեքշաբթի, 11 մայիսին, աւարտեցաւ տուրմի դասընթացքը, որ կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կողմէ:

Այս ծրագիրով Փառանձեմ Քելեան 20 հոգինոց խմբակին սորվեցուց առողջարար տուրմ պատրաստելու կերպը, ձեւը, գաղտնիքները եւ օրէնքները: Ան նաեւ բացատրեց տուրմով պատրաստուած ուտեստեղէններու գաղտնիքներուն եւ յաջող արդիւնքներ ունենալու ձեւերուն մասին: Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ուրախութեամբ հետեւեցան այս ծրագիրին, որ կը բաղկանար 3 դասընթացքէ եւ գործնական աշխատանքային բաժինէ: Մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին այս իւրայատուկ գաղափարին եւ աշխատանքին համար:

ԼՕԽ-Ի «ԿԱՐԻՆԷ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

12 մայիսին կայացաւ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի տարեկան ծրագիրի վերջին ձեռնարկը` մայրերու օրուան նուիրուած: Պրումմանայի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան նախագահն էր Վանիա Քէօշկերեան:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ալին Արոյեան, որ բոլոր մայրերուն մաղթեց երկար ու առողջ կեանք, նաեւ գնահատեց կամաւոր կերպով աշխատող մայրերը, որոնք ճիգ չեն խնայեր օգտակար հանդիսանալու ազգին, ժողովուրդին եւ ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին: Արոյեան աւելցուց նաեւ, որ պէտք է յարգել մեր մայրերը, որոնք կը պատրաստեն ու կը պահեն առողջ սերունդ մը:

Մայրերու օրուան յատուկ երգերով հանդէս եկաւ Նժդեհ Շահինեան, որ ճոխ մթնոլորտ ստեղծեց: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի շրջանի կարիքաւոր սաներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES