Դասական Երաժշտութիւն` Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ
Տիգրանակերտի Միջին Արեւելքի մեծագոյն` Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ սկսած են աշխարհիկ ձեռնարկներ կազմակերպուիլ: Վկայակոչելով «Թարաֆ» թերթը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ եկեղեցիին մէջ վերջերս տեղի ունեցած է «Օփերայի, քնարի եւ բանաստեղծութեան երեկոյ», ուր դասական երաժշտութիւն հնչած է: Համերգին ընթացքին մեկնաբանուած են հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն մեղեդիներ: Համերգը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է յատկապէս երիտասարդներուն մօտ:
Նշենք, որ եկեղեցին վերանորոգուած է երկու տարի առաջ:
CATEGORIES Հայկական



