«Օգնիր Եղբօրդ». Շէնքեր` Սուրիահայերուն Համար

Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Սուրիոյ մէջ երկարատեւ ճգնաժամի խորացումը յոյս չի ներշնչեր այն մասին, որ մօտիկ ապագային խաղաղութիւն վերահաստատուի այդ երկրին մէջ, «Օգնիր եղբօրդ» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը վերածուած է մնայուն կերպով գործող համանուն բարեգործական հիմնադրամի:

Հաւատարիմ մնալով քաղաքացիական նախաձեռնութեան բարեգործական աշխատանքներու ուղղուածութեան` հիմնադրամը պիտի շարունակէ սուրիահայերուն օգնութեան ծրագիրները:

Շարունակելով աջակցիլ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած սուրիահայ անապահով ընտանիքներուն (սնունդ, դեղորայք եւ այլն), հիմնադրամը պիտի կատարէ նաեւ աշխատանքներ` սուրիահայերու բնակարանային խնդիրներու լուծման համար:

Սուրիահայերու դիմումներուն համաձայն, հիմնադրամի ղեկավարութիւնը դիմած է կառավարութեան եւ ձեռք բերած է նախնական համաձայնութիւն` բազմաբնակարան շէնքի կառուցման համար, որ կառավարութեան կողմէ պիտի ճանչցուի իբրեւ բարեգործական ծրագիր:

Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Երեւանի քաղաքապետին հետ նախնական համաձայնութեան, քաղաքապետարանը պատրաստակամութիւն յայտնած է բնակելի շէնքին համար տրամադրել հողատարածք` Երեւանի Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ: Աշխատանքները սկսած են եւ բնակարան ունենալ փափաքող սուրիահայերը յառաջիկայ օրերուն կրնան ուղղուիլ «Օգնիր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամի գրասենեակ` արձանագրուելու եւ հետագայ աշխատանքներուն մասին տեղեկանալու:

 

Share this Article
CATEGORIES