Ըստ Ա. Ռուստամեանի. Իշխանութիւնը Կը Փորձէ Տիրապետել Ընդդիմադիր Դաշտին

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 14 յունիսի Ազգային ժողովի նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ Վերահսկիչ պալատի տարեկան հաշուետուութենէն ետք իրարու հետ մրցելու տպաւորութիւն տուող, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամներուն կողմէ հնչած քննադատական ելոյթներուն, յատկապէս Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի կեցուածքներուն: Ռուստամեան ընդգծեց, որ նորութիւն չէ իշխանութեան` ինքզինք քննադատելու երեւոյթը: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս իշխանութիւնը կը փորձէ տիրապետել թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ ընդդիմադիր դաշտին:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, միւս կողմէ, Ռուստամեան չ՛արդարացներ նաեւ ընդդիմութեան: Ըստ անոր, եթէ ընդդիմութիւնը չի կրնար միաւորուիլ, իշխանութիւնը ուզածը կ՛ընէ:

Գորիսի միջադէպին մասին խօսելով` Ա. Ռուստամեան տեղի ունեցածը բաւական լուրջ նկատած է. «Մենք բոլորս պէտք է մեր ուշադրութեան կիզակէտը դարձնենք այդ դէպքին հետաքննութիւնը, որպէսզի ամէն ինչ արդար կերպով ընթանայ, եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին: Հակառակ պարագային երկրին մէջ անել վիճակ պիտի ստեղծուի»:

Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, երկրին մէջ ձեւաւորուած է անպատժելիութեան մթնոլորտ: Սիւնիքի մարզպետին տան մօտ տեղի ունեցած սպանութիւնը ան նկատեց հետեւանքը այն իրավիճակին, որուն սկիզբը վերարտադրման համակարգն է, որովհետեւ իշխանութիւններու վերարտադրման նպաստելու համար կարգ մը անձեր միշտ ալ անպատիժ մնացած են:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարին համաձայն, արդէն իսկ բաւական մտահոգիչ է այն, որ այդքան մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք յայտնաբերուեցաւ. ըստ անոր, անպատժելիութեան մթնոլորտը առիթ կու տայ, որ ոմանք իրենց զէնքերով իրենց սեփական բանակները կազմեն:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը բաւական գոհ էր նախօրէին Հայաստանի ոստիկանապետին հետ կայացած հանդիպումէն, որուն ընթացքին ոստիկանապետը վստահեցուցած է, որ անձամբ կ՛երաշխաւորէ վկայութիւն տուած անձերուն անվտանգութիւնը: Ոստիկանութիւնը 5 հազար տոլար խոստացած է Պռօշեանի գիւղապետի սպանութեան առնչուած արժէքաւոր տեղեկութիւններ փոխանցողին:

Ըստ «pastinfo.am»-ին, Ա. Ռուստամեան դիտել տուած է, որ շատեր կը խուսափին վկայութիւններ տալէ, սակայն յոյս յայտնած է, որ յանցագործը կարելի ըլլայ ճշդել:ւրբին դամբարանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES