Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր նկարագիրը հաճելի չի թուիր կարգ մը գործակիցներու, հետեւաբար ուշադիր եղէք ձեր վերաբերումին, աշխատելու ձեր կերպին: Քինախնդիր ըլլալու պէտք չունիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շաբաթը սկսեցէք քաղցր ու բարեացակամ տրամադրութեամբ: Կատարեցէք ձեզմէ պահանջուածը: Մնացէք տէրը ձեր գործին եւ պարտականութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր անձին շուրջ որոշ հետաքրքրութիւն կայ: Ձեր գործունէութիւնը պիտի գնահատուի, հետեւաբար մնացէք այնպէս, ինչպէս որ էք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շաբաթը գէշ պիտի սկսի: Զգուշ եղէք, նախատեսեցէք ձեր վրայ կատարուելիք յարձակումը կամ քննադատութիւնը: Ուշադիր եղէք անպայման:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ժամանակ տրամադրեցէք հասկնալու ձեզի ըսուածը եւ հասկցնելու ձեր միտքը: Ձեր շուրջինները պիտի լսեն ձեզ եւ ձեր առաջարկը պիտի կատարեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ տուէք այն, ինչ որ կրնաք: Բնաւ մի՛ զղջաք կատարուած թերացումի մը կամ անգիտակից վերաբերումի մը համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ունիք բարի տրամադրութիւն, պիտի գործակցիք սրտանց` օրուան հարցերը դասաւորելու ձեր ընտանեկան եւ աշխատանքային մարզերու մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գաղտնապահութեամբ պիտի ունկնդրէք ձեր մէկ բարեկամին հարցը: Լաւ լսող եւ անկեղծ դատող մը պիտի ըլլաք այս պարագային` լուծելով ներկայացուած խնդիրը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարեկամներ պիտի այցելեն ձեզի: Զանոնք ընդունեցէք ըստ պատշաճի: Օրը ունի նոր ծանօթութիւններու առիթ, շինիչ եւ օգտակար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դուք կ՛աշխատիք անձնուիրաբար եւ ոչ` կաշառքի կամ նուէրի մը ակնկալութեամբ: Մնացէք ինքնաբուխ ձեր տրամադրութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընթերցանութիւնը կը զարգացնէ: Եթէ կարիքը կը զգաք ընթերցանութեան, այսօր պիտի դիմէք արժէքաւոր գիրքերու, որոնք պիտի ընդլայնեն ձեր մտքի հորիզոնը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ գիտէք, որ ձեր շուրջը չարեր կան եւ սատանայական տրամադրութիւն ունին, եղէք մեղմ, խաղաղութիւն ստեղծեցէք: Չարիքի փոխան` բարիք ըրէք, անոնք կը պարտուին:

