50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1963)
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի 20-րդ
Պատգամաւորական Ժողովը Յաջողութեամբ
Աւարտեց Իր Աշխատանքները
Շաբաթ, 15 յունիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ բացումը կատարուեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 20-րդ Պատգամաւորական ժողովին, որ յաջորդական երեք նիստերով, համերաշխ եւ սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ աւարտեց իր աշխատանքները, կիրակի, 16 յունիս կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
Շրջանային վարչութեան կողմէ Ընդհանուր գործավար քարտուղարուհի Լ. Սասունի, ժողովին բացումը կատարելէ ետք, ամփոփ ու գեղեցիկ խօսքերով յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներ ըրաւ` արտայայտուելով այն կարեւոր դերին մասին, որուն կոչուած է ծառայելու Լիբանանահայ օգնութեան խաչը եւ մաղթեց նոր նուաճումներ յառաջիկայ գործունէութեանց ընթացքին:
Միաձայնութեամբ առժամեայ դիւանի նախագահուհի ընտրուեցան Վարդիթեր Մկրտիչեան եւ Բերկրուհի Առաքելեան, քարտուղարուհի` Մարի Քէշիշեան եւ Սիրան Կիւրեղեան:
Լիազօրագրերու ստուգումը կատարելէ ետք, 18 մասնաճիւղերու պատգամաւորներ ժողովին տուին օրինական բնոյթ: Առժամեայ դիւանի խաչուհիները վերընտրուեցան մնայուն դիւան:
Վայրկեան մը յոտնկայս յարգուեցաւ յիշատակը Արամ Սահակեանի, որուն սրտին այնքա՜ն կը խօսէր կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը:
Կարդացուեցան ողջոյնի երկու հեռագիրներ, որոնք ուղղուած էին Կ. Կոմիտէի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:
Ընտրուեցան երեք յանձնախումբեր բանաձեւի յանձնախումբ` Գազանճեան, Ճերեճեան եւ Ա. Ուրֆալեան: Յարաբերական թուղթերու քննիչ յանձնախումբ` Արծիւեան, Գարաքելեան եւ Սեդա Սարեան: Հաշուեքննիչ յանձնախումբ` Գրիգորեան, Հայթայեան եւ Տ. Ոսկունի:
Ժողովականներու փափաքին վրայ, յաջորդաբար խօսք առին` Ե. Խաթանասեան, Ա. Ուրֆալեան, ապա` Մ. Տէր Գալուստեան եւ Կ. Սասունի:
Անցնելով օրակարգերու լուծման` յաջորդաբար կարդացուեցան մասնաճիւղերուն տեղեկագիրները: Բացայայտ կերպով պարզուեցաւ, որ բոլոր շրջաններու վարչութիւնները գնահատանքի արժանի գործունէութիւն մը ունեցած են:
Տեղեկագիրներու ընթերցումէն ետք տեղի ունեցան բազմաթիւ հարցումներ: «Պնակ մը կերակուր»ի, դարմանատան, կրթական, կարօտեալ ծերերու օժանդակութեան, արծուիկներու եւ այլ հարցերու շուրջ եւ տրուեցան լուսաբանութիւններ:
Եղան օգտակար թելադրանքներ` յառաջիկայ գործունէութեանց ընթացքին գործադրելու համար:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը ունեցած է անցնող տարեշրջանի ընթացքին 112.754 լ. ոսկիի մուտքի եւ 100.176 լ. ոսկի ելք:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գաղտնի քուէարկութեամբ նոր Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը:
Գրեթէ միաձայնութեամբ վերընտրուեցան նախորդ Շրջանային վարչութեան անդամուհիները` Լօլա Սասունի, Վերժին Խաթանասեան, Տալիտա Գրուշեան, Արշալոյս Հայկականեան, Վերժին Ֆէթթէլեան, Արաքսի Արծրունի, Գըլընճեան, Վերժին Տէր Կարապետեան եւ Ազատուհի Ռաֆայէլեան:
Ազգային Առաջնորդարանի
Նոր Շէնքին Հիմնարկէքը
Շաբաթ, 15 յունիս, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքին հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը` նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի, որ շրջապատուած էր Կիլիկեան միաբանութեան անդամներով:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Վարդգէս Շամլեան, Ազգային իշխանութեանց մարմիններու անդամներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:
Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքին բարերարները` տէր եւ տիկին Խորէն Թահաններ եւ ընտանեկան պարագաները կը գտնուէին հրաւիրեալներու առաջին շարքին վրայ:
Համապատասխան աղօթքներէ ետք, երբ շաղախը թափուեցաւ մայր սիւնին մէջ, վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ գեղեցիկ քարոզ մը` շեշտելով բարեգործութեան իմաստը եւ օրհնելով յարգելի բարերարները, որոնք գիտցած էին իրենց իշխանական ժեսթով յաւերժացնել իրենց անունը:
Այնուհետեւ գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց Գառնիկ Բանեան` յանուն լիբանանահայ Ազգային քաղաքական ժողովին:
Ի վերջոյ, Յակոբ Թահան կարդաց գրութիւն մը, իր հօր կողմէ, շնորհակալութիւն յայտնելով վեհափառ հօր` իր սրտաբուխ խօսքերուն համար:
Ապա հիւրերը առաջնորդուեցան Ս. Նշան վարժարանին բակը, ուր ի պատիւ տէր եւ տիկին Խորէն Թահաններու ու Խանամիրեան ազգային քոլեճի բարերար Սուրէն Խանամիրեանի` տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն շամփանիայով, զովացուցիչներով եւ կարկանդակներով:

