Արուեստի Աշտարհէն. Ձրի Փոքրիկ Գրադարան
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
«ՏԸ ՔՈԼՈՍԸԼ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՂԵԼՈՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ:
Վերջերս Նիւ Եորքի Նոլիթա թաղամասին մէջ զետեղուած է Ձրի փոքրիկ գրադարանը` իբրեւ բացօթեայ ժամանակաւոր դարան, ուր ձրի գիրքեր կը տրամադրուին: Անիկա ձեւագծուած է այնպիսի խելացի ձեւով, որ գիրքերը կը պաշտպանէ կլիմայի փոփոխութիւններէն, միաժամանակ առիթ կու տայ, որ անցորդներ տեսնեն, թէ ի՛նչ կարելի է գտնել անոր երդիքին տակ: Ձեւագծումը կը պատկանի վենեզուելական «Սթերիոթենք» ընկերութեան եւ իրագործուած է Նիւ Եորքի Ճարտարապետական միութեան հետ գործակցաբար: «Փեն ուըրլտ վոյսըզ» փառատօնին առիթով ընտրուած են 10 ձեւագծողներ, որպէսզի մինչեւ սեպտեմբեր փոքրիկ ձրի գրադարաններ կառուցեն Մանհաթընի կեդրոնական շրջանին մէջ: Արդեօք ի՞նչ երեւոյթ պիտի ունենան անոնք…




