Արուեստի Աշխարհէն. Ի՞նչ Է Կին Գեղանկարիչներուն Հարցը …
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
… ԱՆՈՆՑՄԷ ՈՉ ՄԷԿԸ ԼԱՒ ԿԸ ԳԾԷ, ԿԸ ՅԱՒԱԿՆԻ ԸՍԵԼ ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԱՆՈՒԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԿԷՈՐԿ ՊԱԶԸԼԻՑ` ԶԱՅՐԱՑՆԵԼՈՎ ԻԳԱԿԱՆ ՍԵՌԸ: ԱՐԴԵՕՔ ԱՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻ՞ՒՆ ԳՐԱՒԵԼ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՆՈՐ ԱՆՓԱՓԿԱՆԿԱՏ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՍՏԵՂԾԱԾ ԲՈՒՌՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. «ՅԻՄԱՐՈՒԹԻ՛ՒՆ» ԿՈՉԱԾ Է ՄԷԿԸ…
Կիները լաւ չեն կրնար գծել, հակառակ որ կը կազմեն արուեստի ուսանողներուն մեծամասութիւնը: Այսպէս համոզուած է Եւրոպայի յետպատերազմեան ժամանակներու ականաւոր արուեստագէտներէն Կէորկ Պազըլից:
Գերմանացի արուեստագէտը վերջերս մէկ հարուածով արհամարհած է բոլոր կին գեղանկարիչները, սկսեալ` Արթեմիզիա Ճենթիլեսքիէն մինչեւ Ֆրիտա Քալօ, Պրիճիթ Ռայլի եւ Փոլա Ռեկօ, յայտարարելով, թէ կիները չունին մեծ գեղանկարիչ դառնալու բնորոշ տիպարը:
Պազըլից, որ քանի մը տարի առաջ Բրիտանիոյ «Ռոյըլ աքատըմի»-ին կողմէ մեծարուեցաւ իբրեւ ներկայիս ապրող մեծագոյն արուեստագէտներէն մէկը, արհամարհեց կին գեղանկարիչները, ըսելով` թէ անոնք` «պարզապէս չեն յաջողիր շուկայի քննութեան մէջ, արժէքի քննութեան մէջ», եւ աւելցնելով` «ինչպէս միշտ շուկան կ՛որոշէ ճիշդը»:
Պազըլիցի յայտարարութիւնները անմիջապէս ստեղծեցին բուռն հակազդեցութիւններ: Արուեստի պատմաբան մը զանոնք որակեց «յիմարութիւն»:
«Կիները լաւ չեն գծեր. ասիկա փաստուած իրողութիւն է,- ըսած էր 75 տարեկան արուեստագէտը գերմանական «Տեր Շփիկըլ» թերթին:- Եւ այս` հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք կը կազմեն արուեստի ակադեմիաներու ուսանողներուն մեծամասնութիւնը»:
Պազըլից ընդունած է, թէ գոյութիւն ունին որոշ բացառութիւններ, ինչպէս` Ակնես Մարթըն, Սեսըլի Պրաուն եւ Ռոզմերի Թրոքել: Սակայն Փաուլա Մոտըրսըն-Պեքըրի մասին գովասանքով խօսելէ ետք Պազըլից աւելցուցած է. «Ան Փիքասօ չէ, Մոտիլիանի չէ, Կոկեն չէ»:
Լիծի համալսարանին մէջ արուեստի ընկերային եւ քննական պատմութեան դասախօս Կրիսելտա Փոլաք հակազդած է բուռն կերպով. «Ամէնէն աւելի կը ձանձրացնեն այն վիճարկութիւնները, որոնք կ՛ըսեն, թէ տղամարդիկ կիներէն աւելի լաւ են: Այս մէկը ակներեւ յիմարութիւն է»:
Փոլաք, որ հեղինակներէն մէկն է «Օլտ միսթրեսըզ. ուիմեն, արթ էնտ այտիոլոճի» (հին վարպետուհիներ. կիներ, արուեստ եւ գաղափարաբանութիւն» գիրքին, կ՛ըսէ. «Միայն սակաւաթիւ տղամարդիկ բացառիկ կը գծեն, եւ ասիկա անոնց առնականութեան արդիւնքը չէ, այլ` անհատականութեան»:
«Հարկ է շրջել մարդոց մտայնութիւնները: Պազըլից կ՛ըսէ, թէ կիները լաւ չեն գծեր` կարգ մը բացառութիւններէ անկախ: Տղամարդիկ եւս շատ լաւ չեն գծեր` կարգ մը բացառութիւններէ անկախ»:
Պազըլից այլախոհ կերպար մըն է արուեստի աշխարհին մէջ: Արուեստի քննադատ Մարթըն Կէյֆորտ զայն կոչած է «արուեստի պատմութեան քալող կոթողը, յետպատերազմեան ժամանակներու արուեստի գլխաւոր դէմքերէն մէկը, ներշնչման աղբիւր մը` երիտասարդ արուեստագէտներու համար»: Միւս կողմէ` «Տի Ինտիփենտընթ» թերթի արուեստի քննադատ Մայքըլ Կլովըր զայն նկարագրած է իբրեւ «ինքզինք ծանուցող եւ ժողովրդականութեան ձգտող» անձ մը:
«Սեւըն տէյզ ին տի արթ ուըրլտ» գիրքի հեղինակ Սերա Թորնթըն կ՛ըսէ. «Համաձայն չեմ Պազըլիցի կարծիքին: Շուկան միշտ սխալական է: Շուկան որակի չափանիշ նկատելը պատրանքի անդուդը տանող ճամբան է: Ցնցուած եմ` ի տես Պազըլիցի ընտրած ուղիին: Անոր գործերը ինքնին շատ մեծ արժէք չեն ներկայացներ շուկայի վրայ»:
Ցարդ Պազըլիցի ամէնէն սուղ գործը «Սփեքիւլաթիուս»-ն է, որ 2011-ին վաճառուեցաւ 3.2 միլիոն փաունտի: Միւս կողմէ` կին գեղանկարիչ Եայոյի Քուսամայի ամէն սուղ գործը վաճառուած է 3.8 միլիոն փաունտի: Բրիտանիոյ մէջ Պրիճիթ Ռայլիի մէկ գործը վաճառուած է 2.5 միլիոն փաունտի:
Փոլաք կը բացատրէ, թէ կիները արհամարհուած են բազմաթիւ պատճառներով, սակայն գլխաւորաբար` «գեղանկարիչի առասպելին. Արեւմուտքի մէջ ընդհանրացած մենակեաց, տանջուած, սպիտակ տղամարդու պատկերին պատճառով», ինչպէս կ՛ըսէ ան եւ կ՛աւելցնէ. «Կրնամ թուել բազմաթիւ կին արուեստագէտներ, որոնք հզօր կարողութիւն ունին, սակայն մշակութային երեւակայութիւնը անզօր է զանոնք ընկալելու»:
Փոլաքի համաձայն, 20-րդ դարու արուեստի պատմաբանները անտեսած են կին գեղանկարիչներու ներդրումները: «Կիները նաեւ արհամարհուած են, երբ լաւ գծած են, երբ տաղանդ եւ ճաշակ ցոյց տուած են, սակայն շատ մեղմ վարուած են եւ չեն յանդգնած պատուարներ խորտակել: Ասիկա սեռային խտրականութեան վրայ հիմնուած է բաժանում մըն է»:
Պազըլից միակը չէ, որ նման կարծիքներ յայտնած է կին արուեստագէտներու մասին: 2008-ին Պրայըն Սիւէլ աւելի յառաջ գացած եւ ըսած էր, թէ «երբեւիցէ գոյութիւն չէ ունեցած առաջնակարգ կին գեղանկարիչ մը»: Ան Պրիճիթ Ռայլիի եւ Լուիզ Պուրժուայի ակնարկած է իբրեւ «երկրորդական եւ երրորդական» գեղանկարիչներ:
Սաաթչի ցուցասրահին մէջ Ճենտ Մեւիլի պայթուցիկ ցուցահանդէսին բացումին նախօրեակին քննադատ Տէյվիտ Սիլվեսթըր ըսած է, թէ «միշտ ալ կը կարծէր, որ կիները չեն կրնար գեղանկարիչ դառնալ, որովհետեւ պարզապէս միշտ այսպէս եղած է»: 1937-ին արուեստագէտ Հանս Հոֆման կին գեղանկարիչ Լի Քրասնըրի գործերուն մասին ըսած է. «Այնքա՛ն լաւ են անոնք, որ չես պատկերացներ, թէ կին մը գծած է զանոնք»:
Արուեստի վաճառական եւ գրագէտ Իւան Լինտսէյի համաձայն, «ասիկա մեծապէս վիճելի հարց մըն է: Ոմանք կը մտածեն, թէ կիները պարզապէս լաւ չեն գծեր ընդհանրապէս, ուրիշներ կը հաւատան, թէ անոնք կաշկանդուած են ամբողջ պատմութեան ընթացքին»:
«Շատ զայրացուցիչ եւ գրգռիչ է Պազըլիցի յայտարարութիւնը, եւ անխուսափելիօրէն կը հակազդենք նման ակնարկութեան մը դէմ: Սակայն ան հասած է այնպիսի տարիքի մը, որ այլեւս հաշիւ չունի: Հաւանաբար ուրիշներ համաձայն են իր կարծիքին, սակայն պիտի չհամարձակէին բարձրացնել իրենց ձայնը», կը մտածէ ան:



