Արուեստի Աշխարհէն. Լաւ Գրութիւնը Եւ Տաղանդաւոր Գրութիւնը Կը Հակասեն Զիրար
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
«ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՑԱՅՏՈՒՆ ԵՒ ՈՒԺԳԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ՈՒՂԵՂԻՆ ՄԷՋ, ՄԻՆՉԴԵՌ ԼԱՒ ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐՈՒՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՅՍՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ, ՆՄԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ ՉԻ ՍՏԵՂԾԵՐ»: «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻ ՀԵՂԻՆԱԿ ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ «ԸՊԱՈՒԹ ՌԱՅԹԻՆԿ. ՍԵՒԸՆ ԸՍԷՅԶ, ՖՈՐ ԼԵԹԸՐԶ ԷՆՏ ՖԱՅՎ ԻՆԹԸՐՎԻՈՒԶ» ԳԻՐՔԷՆ` ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՒԻՐԵԼՈՎ ԽՈՐԱԹԱՓԱՆՑ ԳՐԱՔՆՆԱԴԱՏԻ ՄԸ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ: ԱՆՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ ՄԵԶԻ` ԳՐԵԼՈՒ ԿԱՄ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԱՏԵԼՈՒ…
Լաւ գրելու գաղտնիքները դարձեալ վիճարկութեան նիւթ են: Սքոթ Ֆիցճերըլտ գրած է այս մասին, նոյնպէս` Սթիֆըն Քինկ եւ Տէյվիտ Օկըլվի: Սակայն «լաւ գրութիւն» մը գրելու ձգտումը թերեւս ճիշդ չէ: «Ըպաութ ռայթինկ. սեւըն ըսէյզ, ֆոր լեթըրզ էնտ ֆայվ ինթըրվիուզ» (գրելու մասին. 7 քննարկումներ, չորս նամակներ եւ հինգ հարցազրոյցներ) գիրքին մէջ անուանի գրագէտ եւ գրաքննադատ Սամուէլ Տելընի կը մէկտեղէ իր արժէքաւոր մտորումները` 35 տարի ստեղծագործական գրականութիւն դասաւանդելէ ետք, այսպէս` գեղեցիկ բան մը աւելցնելով մեր նախասիրած գրագէտներուն խորհուրդներուն վրայ: Ի դէպ, ան նաեւ հեղինակն է «Ուոնտըր Ուըմըն» թերթի «Կիներու ազատագրումը» խորագիրով թիւին, որ լոյս տեսած է 1972-ին եւ դարձած է վիճարկութեան նիւթ: Վերոնշեալ գիրքին մէջ «լաւ գրութեան» եւ «տաղանդաւոր գրութեան» հիմնական տարբերութեան մասին Տելընիի գլխաւոր դիտարկումներէն մէկը այն է, թէ առաջինը մեծ մասամբ արդիւնք է թեքնիքի (ինչպէս գիտենք Հ. Փ. Լաւքրաֆթ ըսած է` «գրագէտ դառնալու ձգտումը ունեցող ոեւէ գրագէտ պէտք չէ բաւարարուի պարզապէս գրելու թեքնիք օրէնքներուն տիրապետելով), իսկ երկրորդը` լեզուագիտական եւ գեղագիտական զգայնութեան: Ան կը գրէ.
«Թէեւ այս երկուքին միջեւ հասարակաց կէտեր կան, սակայն «լաւ գրութիւնը» եւ «տաղանդաւոր գրութիւնը» նոյն բաները չեն»:
«Կը սկսիս գրել խառնափնթոր, պղտոր եւ գէշ գրուած պատմութիւն մը, ապա կը սկսիս կիրարկել լաւ գրութեան մը օրէնքները եւ հաւանաբար կը յաջողիս զայն վերածել պարզ, տրամաբանական, յստակ կառոյցով պատմութեան մը: Սակայն ամէն պարագայի չես ունենար լաւ գրութիւն մը: Երեւակայական պատմութիւններուն 85-95 առ հարիւրին թերութիւնը այն է, թէ անոնք սովորական են եւ ձանձրացուցիչ»:
«Ճիշդ է, որ միշտ ալ կարելի է հին պատմութիւնները պատմել նոր լեզուով: Նոյնիսկ կարելի է նոր տիպարներ աւելցնել անոնց վրայ. կարելի է զանոնք օգտագործել` թատերականացնելու համար նոր գաղափարներ: Սակայն, ի վերջոյ նոյնիսկ նոր լեզուն, նոր տիպարները եւ նոր գաղափարները կը կորսնցնեն խանդավառելու իրենց կարողութիւնը»:
«Իր բովանդակութեամբ, թէ` ոճով, նիւթով, թէ` ոճային կառոյցով երեւակայական պատմութիւն մը, որ շատ կը նմանի որեւէ այլ երեւակայական պատմութեան, ինքնին վատ գրութիւն մըն է: Այսուհանդերձ, որքան ալ հակասական թուի այս, «լաւ գրութիւնը» իբրեւ խիստ օրէնքներու շարք մը (այսինքն, երբ գրութիւն մը պարզ է, եւ ոչ` աւելին), ծնունդ կու տայ ամէնէն աւելի վատ երեւակայական պատմութեան: Տեղ մը այս իրողութեան անդրադառնալով է, որ բազմաթիւ գրագէտներ ի վերջոյ կը հրաժարին գրելէ»:
«Այսուհանդերձ, «տաղանդաւոր գրութիւնը» այլ բան է: Տաղանդի՛ պէտք ունիս` երեւակայական պատմութիւն գրելու համար»:
«Լաւ գրութիւնը յստակ է: Տաղանդաւոր գրութիւնը կենսունակ է: Լաւ գրութիւնը կը խուսափի սխալներէ: Տաղանդաւոր գրութիւնը ցայտուն եւ ուժգին շարժումներ կը ստեղծէ ուղեղին մէջ, մինչդեռ լաւ գրութիւնը, որուն արժանիքը կը մնայ յստակութեան եւ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ, նման շարժումներ չի ստեղծեր»:
Վըրճինիա Վուլֆ կը գիտակցէր, թէ սուր միտքը բանալին էր արհեստավարժութեան, երբ խորհուրդ կու տար, թէ` «պէտք է առիթ տալ, որ խորքին ընկղմած իմաստները մնան ընկղմած, ակնարկուած, եւ ոչ թէ` յայտարարուած»: Իսկ Հեմինկուէյ կշտամբելով կ՛ըսէր. «Բոլոր գրագէտները սիրահարուած են դիւցազներգութեան»: Տելընի կը յիշեցնէ, թէ տաղանդաւոր գրագէտը վարպետն է ընդհանրացնելու տրամաբանութեան, ընդհանուրին հասնելով` մասնայատուկը վարպետօրէն տարածելու միջոցով, եւ այս գործընթացին իբրեւ արդիւնք` ստեղծելով նոյնիսկ շատ աւելի հզօր թատերական ներգործութիւն մը, քան ինչ որ իրերայաջորդ հաստատումներու ուռուցիկ շարք մը երբեւիցէ պիտի կարենար իրականացնել:
«Տաղանդաւոր գրագէտը յաճախ կ՛օգտագործէ մասնայատուկը եւ կը խուսափի ընդհանրացումներէ. այսինքն` այն ընդհանրացումներէն, որոնց կ՛ակնարկեն իր մասնայատուկ բաները: Եւ որովհետեւ կ՛ակնարկէ անոնց, եւ ոչ թէ` կը հաստատէ, անոնք շատ աւելի բուռն կերպով կը դրոշմուին ընթերցողին գիտակցութեան մէջ, քան` երբ բառացի կը փոխանցուին իբրեւ հաստատում: Մասնայատուկ բաներ օգտագործելով ընդհանրացումներու հասնիլը թատերական խորք մը ունի. այս ընդհանրացումները կրնան ըլլալ զգացումներ, որոնց ծանօթ ենք կամ զորս աղօտ կերպով զգացած ենք: Աւելի դժուար պահանջ մը, որ նոյնքան տաղանդ կ՛ենթադրէ, այն է, թէ գրագէտը պէտք է կարենայ մտածուած ձեւով դասաւորել ընդհանրութիւնները էջի մը մէջ կամ հինգ էջերու, ապա` ներկայացնել մասնայատուկ բան մը, որ լոյս սփռէ ընդհանրութիւններուն վրայ եւ նոր իմաստ տայ անոնց…: Իրօք, այս մէկը կարելի է կոչել թատերականութեամբ յատկանշուած գրութեան հակառակը, սակայն անիկա նոյնքան ուժեղ կրնայ ըլլալ, եւ երբեմն` նոյնիսկ աւելի ուժեղ»:
«Բառերը ունին իրենց սեփական զօրութիւնը», գրած է Սիւզըն Սոնթակ իր օրագրութեան մէջ: «Գործածէ ճի՛շդ բառը, եւ ոչ` անոր զարմիկը», կ՛ըսէ Մարք Թուէյնի հռչակաւոր խորհուրդը: Սակայն հզօր գրութիւն մը պարզապէս կուռ կառոյցի արդիւնք չէ: Ինչպէս ամերիկացի գրագէտ Ի. Պ. Ուայթ ըսած է, «գրելը ջնջելու վարժութիւն մը չէ, այլ` ուղեւորութիւն մը դէպի ձայնը»: Տելընի ճշգրութեան եւ պերճախօսութեան այս կրկնակի պահանջը կ՛անջատէ ճշգրտութեան եւ պերճախօսութեան իր սեփական տաղանդով: Ան կը գրէ.
«Տաղանդաւոր գրագէտը յաճախ կ՛օգտագործէ հետաքրքրական ձեւով ոճաւորուած, հնչեղ կամ քնարական նախադասութիւններ, որոնք աւելի կուռ են, քան` «նոյն բանը ըսելու» սովորական ձեւը»:
«Տաղանդաւոր գրագէտը բառային բարձրախօսի մը պէս կրնայ պայթեցնել հպանցիկ զգացողութիւն մը կամ շարժում մը, գրգռել խորաթափանց մտածումը եւ նկարագրել ենթազգացումներ, զորս բոլորս կը ճանչնանք, նոյնիսկ, երբ նախապէս հազուադէպօրէն նկատի առած ենք զանոնք: Այսինքն տաղանդաւոր գրագէտը զանոնք կը նկարագրէ աւելի մանրամասնօրէն եւ եւ շատ աւելի բան կ՛ըսէ անոնց մասին, բաղդատած` այլ գրագէտներու»:
«Բարդ նախադասութիւններով պարբերութիւն մը բարդ ձեւերով շաղկապելով` տաղանդաւոր գրագէտը նախադասութիւնները կը դասաւորէ ժամանակագրական այնպիսի հերթականութեամբ, ուր յաջորդաբար կը յայտնուին իր մասնայատուկ ակնարկութիւնները, հակառակ քերականութեան պարտադրած տրամաբանական կապերուն»:
Տելընի մտածել կու տայ, թէ խորքին մէջ «տաղանդաւոր գրութեան» ճշմարիտ ուժը կը գտնուի նուրբ բայց համակող զգացողութիւնը խտացնելու եւ զայն տեղեկութեան հրաշալի եւ արդիւնաւէտ ամբողջութեան մը վերածելու կարողութեան մէջ: Տաղանդաւոր գրագէտը մեծ մասամբ ունի նոյն այն յատկանիշները, զորս Ուըրծուըրթ վերագրած է բանաստեղծին, երբ զայն նկարագրած է իբրեւ անձ մը` «օժտուած շատ աւելի կենսունակ զգացողութեամբ, շատ աւելի մեծ խանդավառութեամբ եւ շատ աւելի քնքշութեամբ: Անձ մը, որ շատ աւելի խոր իմացութիւն ունի մարդկային բնութեան եւ շատ աւելի համապարփակ հոգի, քան ինչ որ սովորաբար կը տեսնենք մարդկութեան մէջ»:
Տելընի կ՛եզրակացնէ.
«Տաղանդաւոր գրութիւնը հակամէտ է բովանդակելու շատ աւելի տեղեկութիւն` իւրաքանչիւր նախադասութեան եւ պարբերութեան մէջ, քան` պարզապէս լաւ գրութիւնը… Անիկա նաեւ ի գործ կը դնէ ոճային զուգահեռներ եւ տարբերութիւններ… Կարեւորութիւն կու տայ նախադասութիւններուն ձայներուն եւ կշռոյթներուն… Անոր փոխանցած տեղեկութեան մեծ մասը կը հետեւցնենք միայն…Ասոնք տաղանդի կարգ մը ցուցանիշներ են»:
«Ըպաութ ռայթինկ. սեւըն ըսէյզ, ֆոր լեթըրզ էնտ ֆայվ ինթըրվիուզ» գիրքը կը շարունակէ պեղել գրելու արուեստին այլ երեսները, ինչպէս` տիպարներ եւ դիպաշար զարգացնելու միջոցները, «զուտ պատմութիւն պատմելու» մանուածապատ գաղտնիքները եւ ստեղծագործական կասկածը հակակշռելու միջոցները:

