ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» Մասնաճիւղի Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու տօն»-ին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 30 մայիս 2013-ին,Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Կարս եւ «Աստղիկ» մասնաճիւղերու վարչական ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ի կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Զարուհի Գալեմքերեանին եւ հիւրերու: Վարչութեան ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան բացման խօսքին մէջ բարձր գնահատեց վարչական անդամներուն տարած աշխատանքը, որոնց շնորհիւ միշտ յաջողութեամբ կ՛աւարտին ձեռնարկները. շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկաներուն որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին եւ կը քաջալերեն մասնաճիւղին  աշխատանքները իրենց ներկայութեամբ: Մուտքին հիւրերու  բաժնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկի թաղարներ, մայրերու նուիրուած երգերու ձայնասկաւառակ եւ խաչեր: Մարինէ Եսայեան ասմունքեց մայրերու նուիրուած քերթուածներ, ապա երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան երգեց մայրերու նուիրուած երգեր: Ներկաները ոգեւորուեցան եւ կատարեցին իրենց սրտաբուխ նուիրատութիւնները, ապա գաւառական պարերով  ճոխ եւ ուրախ մթնոլորտ մը անցուցին:

Ձեռնարկին ընթացքին վարչութեան ատենապետը մայրերու մասին ներկայացուց սրտաբուխ հետեւեալ խօսքերը.

«Մա՜յր, որքան նուիրական անուն մը, բնութեան պէս խորիմաստ ու գեղեցիկ»:

«Մա՜յր, ամենասուրբ, ամենաքնքուշ, երկնային հրեշտակ, որ դաւաճանել չի գիտեր, ներողամիտ է եւ գթասիրտ. իսկ մայրութիւնը աւելի սրբազան է, զոհաբերութիւն է, որ սահման չունի: Որքան փափկանկատ է իր ընտանիքին եւ մանաւանդ զաւակներուն հանդէպ»:

«Դրէք մանուկը ամենաշքեղ օրօրոցին մէջ, շուրջը լեցուն խաղալիքներով. խմցուցէք թարմ կաթ կամ պտուղի հիւթեր, պիտի չունենայ այնքան հաղորդականութիւն, որքան որ առնէ մայրը զաւակը իր գիրկը շոյէ, եւ այդ պահուն կը սկսի սրբազան հաղորդակցութիւն մը, որ կը ստանայ մօր կուրծքէն, եւ որ կը լեցուի երեխային մէջ, կու տայ անոր հոգի, շունչ, սէր եւ զօրութիւն»:

«Մայր ըլլալը զոհաբերութիւն է, որ սահման չունի, ինչ մե՜ծ սրտով երբ կ՛ըսենք իրեն «մայրիկ» այնքա՜ն քնքշութեամբ կը պատասխանէ` «այո, զաւակս». մանկական հրճուանք մը կը զգանք եւ մեր հոգիները կը թեթեւնան, անմիջապէս կ՛ուզենք վիզին փաթթուիլ ու ըսել` «Ամենալաւ մայրը դուն ես»:

Կը կարծէք, որ միայն մանո՞ւկը նեղութեան ժամանակ «մայրիկ» կը կանչէ, մենք եւ մեզմէ աւելի տարեցները եւս, ծանր հոգեկան, կա՛մ հիւանդ վիճակին մէջ, միամտօրէն կը մտածենք, որ եթէ մայրս գար, անպայման որ կը մխիթարէր, կ՛օգնէր եւ ուժ կու տար ինծի: Մայրական սիրոյ արժէքը կը նկատենք այն ատեն, երբ կը կորսնցնենք զայն. կը գիտակցինք, թէ իր կենդանութեան չենք կրցած ճանչնալ անոր արժէքը, չենք արժեւորած անոր սէրը եւ կ՛ափսոսանք…

Բոլորս պարտական ենք մեր մայրերուն հանդէպ. այն մօր, որ մեզ ծնաւ, ցաւերո՛վ ծնաւ, որքա՜ն անքուն գիշերներ անցուց, իր տաքուկ գիրկը փափուկ անկողին ըրաւ մեզի, իր կաթով սնուցանեց, մեր ցաւերը տեսնելով` ինք աւելի ցաւեցաւ, մեզ դաստիարակեց, երջանկացուց, սիրել ու աղօթել սորվեցուց, Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը զօրացուց, որպէսզի խոր ծերութեան իր ցանած սերմերը քաղելով յարգանքի ու պատիւի արժանանայ:

Կ՛ըսեն. «Ուր որ զօրաւոր ազգ գոյութիւն ունի, հոն անպայման կը տեսնենք զօրաւոր եւ քաջասիրտ մայրեր»: Հայ մայրը այնքան բարի է ու աշխատասէր, այնքան նուիրուած է իր ընտանիքին ու ժողովուրդին որ անհուն սէր եւ գերբնական ուժ կու տայ շրջապատին: Կիները պէտք է շատ լաւ մայրեր ըլլան, որպէսզի ամուսիններն ալ լա՛ւ հայրեր ըլլան, բարի օրինակ դառնան իրենց զաւակներուն, որ ապագայի սերունդը օրինակելի պտուղներ տայ:

Աստուծմէ կը խնդրենք, որ մայրը իր զաւակներով մինչեւ իր վերջին շունչը բախտաւոր ըլլայ, զինք սիրեն, յարգեն, պատիւ բերեն եւ խոր ծերութեան ժամանակ իր զաւակներէն մխիթարութիւն ստանայ. կը խնդրենք նաեւ, որ մայրերուն օրհնութիւնը միշտ անպակաս ըլլայ, իրենց աղօթքներուն մէջ միշտ յիշեն մեզ.մենք ալ մեր կարգին կը մաղթենք իրենց առողջութիւն եւ երկարակեցութիւն:

Աւետիք Իսահակեան կ՛ըսէ. Է՜հ մօր սիրտ, ամենաբարձր սրբութիւնն ես. աշխարհիս երեսին ամենագեղեցիկը մօր աչքերն են, ես կեանքում բացի մօրիցս, ոչ մի սէր չտեսայ»:

ՆԵՐԿԱՅ ԼՕԽ-ԱԿԱՆ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES