Հայ Աւետարանական Քոլեճի «Ծիրանի» Մանկապատանեկան Երգչախումբին Փայլուն Ելոյթը
Շաբաթ, 18 մայիս 2013, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ սկսաւ Հայ աւետարանական քոլեճի ,Ծիրանիե մանկապատանեկան երգչախումբին ձեռնարկը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք դպրոցի տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ դպրոցի հիմնադրութեան 90-ամեակին կը զուգադիպէր այս տարեշրջանի երգահանդէսը: Ան յիշեց հայր Ղեւոնդ Ալիշանի խօսքը` ,Ուր որ հայերէն երգեր կը լսուին, հոն հայրենիքը ողջ էե, աւելցնելով, թէ դպրոցին մէջ յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի հայ երգին:
Խմբավար Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լոռի Այնթապլեանի ,Ծիրանիե երգչախումբը յաջորդաբար հրամցուց ինը հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն խմբերգներ, որոնցմէ երեքը` ,Արծուիկ Շուշիե, ,Հայոց տառերե եւ Գ. Ալէմշահի ,Իմ հեռաւոր հայրենիք գագաթնակէտին հասցուցին ներկաներուն խանդավառութիւնը: Նախակրթարան Ա.ի փոքրիկները եւս մանկական չորս խմբերգներով ուրախացուցին իրենց ծնողները եւ ներկաները: Ձեռնարկին աւարտին ծաղկեփունջեր ներկայացուեցան Փալազեանին եւ Լ. Այնթապլեանին:
Ճիշդ մէկ ժամ տեւած ձեռնարկին փակման եւ շնորհակալութեան խօսքը ըրաւ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեան, որուն օրհնութեան աղօթքով փակուեցաւ այս շատ յաջող ձեռնարկը:

