Մասնակցութեամբ 71 Աշակերտներու. «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրէն 47 Աշակերտներ Ստացան Իրենց Անդրանիկ Վկայականները

Շաբաթ, 8 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի եզրափակիչ հանդիսութիւնը եւ վկայականաց բաշխումը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի մանկամսուրի պատասխանատու Սալբի Մուղալեան, որ նշեց, թէ աշակերտները մանկամսուրին մէջ խաղերուն ընդմէջէն ընկերային, զգացական եւ կրթական առումով զարգացան ու յառաջդիմեցին: Ան հաստատեց, որ երեխաները արդէն պատրաստ են մուտք գործելու մանկամարտէզի դռնէն ներս:  Ս. Մուղալեան շնորհաւորեց մանկամսուրի ուսուցիչները, որոնք մանուկներուն սորվեցուցին ամբողջ կեանքին ընթացքին օգտակար հմտութիւններ եւ զետեղեցին նախնական կրթութեան հիմերը:

 

 

 

 

 

 

 

Ապա շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին մանկամսուրի 71 աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր: Նախակրթարանի աշակերտներ Էլի Թորանեանի եւ Միսաք Ազատեանի կողմէ թատերական բեմավարութեամբ աշակերտները շրջագայեցան երկրէ երկիր, Հայաստանէն Յունաստան, Քորէա, Ճափոն, Ֆրանսա եւ Լիբանան, ուր ներկայացուցին իւրաքանչիւրին պարը, հաստատեցին հայութեան ներկայութիւնը եւ շեշտեցին հայրենիք վերադառնալու ու ազգային արժէքները պահպանելու կարեւորութիւնը: Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ հայկական պսակի գեղեցիկ եւ հաճելի ներկայացումով:

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ մեծապէս գնահատեց աշակերտներուն ներկայացումները: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը մաղթեց, որ աշակերտները ապագային հայաշունչ մթնոլորտի մէջ մեծնալով կազմեն իսկական հայ ընտանիքներ եւ տէր կանգնին հայութեան ժառանգութեան: Կ. Գալուստ հաստատեց, որ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը ջերմ մթնոլորտի մէջ կը հետեւի արդիական պահանջներուն, սերտուած կրթական ծրագիրներու եւ ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան փոխանցման սկզբունքներուն: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վկայականաց բաշխումով:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES