«Զուարթնոց» Կեդրոնի Հիմնադրութեան 25-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Ուրբաթ, 7 Յունիս 2013-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ նշուեցաւ «Զուարթնոց»  կեդրոնի հիմնադրութեան 25-ամեակը:

Հանդիսութիւնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Լիբանանի առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի, որ ներկայացուած էր Սալմա Սապունճեանով:

Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան նշումը` «Զուարթնոց» կեդրոնի հիմնադրութեան 25-ամեակին, սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրով: Երգիչ Ղասսան Սալիպայի կատարողութեամբ, Տանի Ասմա «Սաութաք» երգի խտասալիկի եւ զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Միշէլ Ժանիան եւ Անի Սարաֆեան Եփրեմեան յաջորդաբար արաբերէնով եւ հայերէնով կատարեցին բացման խօսքը` հաստատելով, որ անտէր չեն այս աշակերտները, ու թէեւ անոնք տարբեր են մնացեալէն, սակայն ունին հաւասար կեանքի իրաւունքներ: Ապա անոնք վարեցին հանդիսութիւնը` իւրաքանչիւր ելոյթի մասին տեղեկութիւններ տալով:

Միշէլ Ճանիան եւ Անի Սարաֆեան Եփրեմեան

Հայկազեան համալսարանի տնօրէն, վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի կողմէ գոհաբանական աղօթքէն ետք, «Զուարթնոց» խորագրեալ տեղեկագրական ժապաւէնի ընդմէջէն ներկաները ծանօթացան կեդրոնի գործունէութեան եւ աշխատանքներուն:

«Զուարթնոց»-ի իրագործումներուն մասին արաբերէնով ելոյթ ունեցաւ կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապպաղեանը: Ան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաֆա Սլէյմանին, իր հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ հանդիսութեան ներկայ եղող` Լիբանանի թեմի հայոց առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ներկայացուցիչ վեր. Փոլ Հայտոսթեանին, Հայ աւետ. եկեղեցւոյ հոգեւոր եղբայրակցութեան նախագահ տոքթ. Ռոպովթ Չորպաճեանին, ինչպէս նաեւ` ներկայ պաշտօնական, դիւանագիտական եկեղեցական անձնաւորութիւններուն, ծնողներուն եւ բոլոր ներկաներուն:

Ա. Տապպաղեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կեդրոնի հիմնադրութեան, անոր 25-ամեայ ուղիին եւ իրագործած նուաճումներուն` նշելով նաեւ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները, զորս կը յաղթահարեն ամուր կամքով եւ բարձր տրամադրութեամբ:

Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը կիթառի վրայ նուագեց Մկրտիչ Միքայէլեանը, որ նաեւ անոր մշակումը կատարած է: Սրահը լեցուցած ներկաներուն տրամադրութիւններն ու խանդավառութիւնը բարձրացան «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտներուն կատարողութեամբ «Տօնական օրեր»-ու կենդանի պատկերներու ներկայացմամբ, որ արժանացաւ անխտիր բոլորին գնահատանքին եւ ծափերուն:

Անի Պուճիգանեան

Արաքսի Տապպաղեան

«Զուարթնոց»-ի վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենադպիր Անի Պուճիգանեանը, որ պատմական ակնարկով մը նշեց, թէ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ կուռ ջանքերով կարելի եղաւ ստեղծել Անշահախնդիր սիրոյ հրեշտակներու տունը: Ան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւորներուն, հոգեւոր պետերուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին կեդրոնին եւ այս ձեռնարկին յաջողութեան:

Ապա տուտուկի վրայ նուագ` կատարողութեամբ Յակոբ եւ Սերօ Քելուկեաններու:

Մթնոլորտը դարձեալ խանդավառ բնոյթ ստացաւ «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած հայկական պարով, որ թէ՛ ուրախութեան եւ թէ՛ յուզումի արցունքներ խլեց ներկաներուն աչքերէն:

Անոր յաջորդեցին երեք նուագներ. Շուի` Լորի Եափուճեան, ընկերակցութեամբ Յակոբ Քելուկեանի, տուտուկի վրայ եւ Սեպուհ Յովակիմեան` դաշնամուր:

Հարսանեկան պատկեր

 

 

 

 

 

 

 

 

«Զուարթնոց»-ի աշակերտները իրենց երրորդ եւ աւարտական ելոյթով ու պարով ներկայացուցին «Լիբանանեան հարսանիք»-ը, որ իր խանդավառութեամբ եւ աշակերտներուն անմեղ պարով ու շարժումներով սրահը «օդը հանեց», խլելով երկարատեւ ծափահարութիւններ, պրաւոներ եւ ապրիքներ:

Վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան

Գեղամ արք. Խաչերեան

Անգամ մը եւս բեմ հրաւիրուեցաւ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանը` փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Վերապատուելին իր հակիրճ խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց, որ` «մենք ալ հրաւիրուած ենք ներկայ գտնուելու այս հարսանեկան մթնոլորտին»: Ան մեծապէս գնահատեց «Զուարթնոց» կեդրոնին առաքելութիւնը` «Գանձ» որակելով ամբողջ հաստատութիւնը: «Երանի թէ մենք ալ քիչ մը աւելի հրեշտականման ըլլայինք մեր այս փոքրիկներուն պէս», ըսաւ վերապատուելին եւ նշեց, թէ` այն ազգը, որ չի գիտեր հոգ տանիլ իր տկարներուն, ազգ կամ ժողովուրդ չէ ան»:

Վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ի մասնաւորի տոքթ. Ռոպովթ Չորպաճեանին, մանաւանդ` Խալիլ Պետեւիի եղբայրակցութեան` եկեղեցիի տրամադրութեան համար, 25 տարիներէ ի վեր:

Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հրաւիրուեցաւ փակման խօսքը ըսելու: Ան դիտել տուաւ, թէ`  «քրիստոնէական առաքինութիւններուն գլխաւորներէն է փառք տալը: Աստուծոյ փառք տալ` իր բոլոր բարիքներուն համար: «Զուարթնոց» կեդրոնի 25-ամեակին առիթով փառք կու տանք Աստուծոյ իր տուած բոլոր շնորհներուն, բարիքներուն եւ սիրոյ համար, որոնք իրագործուեցան «Զուարթնոց»-ի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան ընդմէջէն»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք 25 տարիներէ ի վեր սիրով ու առանց դժգոհանքի կը տանին այս դժուարին առաքելութիւնը, երբ ոմանք, նոյնիսկ մէկ ժամով չեն կրնար հանդուրժել այսպիսի գործ մը:

Սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ այս իսկապէս յաջող ու յիշատակելի հանդիսութիւնը, որ բարձր գնահատուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES