Աշխարհաքաղացիի Mass Production

Արմենակ եւ Էլպիս մայիսի առաջին կիրակին մեզ ճաշի հրաւիրեցին: Ամերիկայէն նոր վերադարձած էին: Էլպիս ազդարարեց Արմենակը, որ ճաշի ընթացքին ախորժակ փախցնող հարցերու մասին պիտի չխօսի: Ան ալ սպասեց, որ Էլպիսի «հայրենասիրական» ճաշատեսակները գնահատենք:

Սուրճի ծէսի ընթացքին, Կեդրոնականցին խօսելու ազատութիւնը գտաւ:

– Ընթրիքի գտնուեցանք բարեկամի մը տունը: Համեստներս եղանք արդիական եւ յաջողած մարդոց կողքին: Ամերիկեան մեծ ընկերութեան մը հայազգի տնօրէնի մը, որ Մասաչուսեց բնակող կեդրոնականցիի  մը զաւակն էր եւ արտակարգ հրապոյրով պրազիլիացի «լաթինօ» կին մը ունէր, աւագ հաշուապահի մը, որ տասնեակ մը տարիներ առաջ եկած Կեդրոնականցի մըն էր, որ իր յոյն կնոջմէն ամուսնալուծուելէ ետք, այժմ կը բնակէր գերմանուհիի մը հետ: Հիւրընկալը հայերէն կը խօսէր, հայերէնը մոռցածի պէս:

Էլպիս միջամտեց:

– Չորս ժամ շարունակ անգլերէն խօսեցան: Մեզի հաճոյք պատճառելու համար երբեմն հայերէն կամ թրքերէն բառեր կ’ըսէին: Կը սարսափէի, որ Արմենակ յանկարծ վիրաւորական խօսք մը կ’ըսէր:

– Ինչո՞ւ վիրաւորէի,- ըսաւ Արմենակ: – Կը յաւակնինք միշտ առաջին ըլլալ: Տեսայ, որ առաջնութեան նոր ասպարէզ գտած էինք: Խառն եւ գոյնզգոյն ամուսնութիւններով, քանի մը տեսակ զաւակներով, հիմա ապագայ մարդկութիւնը կը պատրաստենք: Ամերիկա կ’ըսեն, որ ամէն բան mass production է, մեծաքանակ: Հայերը աշխարհաքաղաքացի կը պատրաստեն, քանի մը անգամ կին եւ ամուսին փոխելով, յայտնի եւ անյայտ աշխարհներէ եկածներ, կ’ունենան նոր պատուաստով պտուղներ, ներեցէ՛ք, զաւակներ: Հայութիւն, ազգ, լեզու, կրօն, մշակոյթ, փտած բաներ են:

Զարմանք: Կեդրոնականցին կը խօսէր առանց զայրոյթի: Ըսի.

– Արմենակ, սիրելիս, մոռցա՞ր, որ հայ քաղաքական դէմք մը վարդապետականօրէն յայտարարեց, որ` «մենք համաշխարհային ազգ ենք»: Այդ ազգն ալ կրնայ գոյութիւն ունենալ միայն աշխարհաքաղաքացիներով:

Մինչ այդ լուռ հետեւող Մակարուհին խօսքի խառնուեցաւ.

– Կը յիշէք, Արեւելքէն եկած ուսուցչուհի Սիրանին երկու աղջիկները օտարի հետ ամուսնացան: Երբ զարմացումով կը խօսէինք, ան ըսաւ, որ` «կը հայացնեն իրենց փեսաները»: Երեւակայեցէ՛ք, որ աշխարհաքաղացի դառնալու հակամէտ հայը, իր օտար փեսաները իրենց երկրին մէջ պիտի հայացնէ:

– Մեր համրանքին մասին թիւեր կու տանք: Մեծանուն մը ըսաւ, որ քսան միլիոն ենք: Այդպէս բաներ յաճախ կ’ըսեն, իբր թէ` ուժ ցուցադրելու համար: Եթէ զեղչենք աշխարհաքաղաքացիները եւ հայացուելիքները, որոնք այդպէս ալ պիտի չհայանան, եւ հեռուի ու մօտի ծագումով հայերը, ի՞նչ կը մնայ այդ պոռոտախօս քսան միլիոնէն,- ուզեց եզրակացնել Արմենակ:

– Մնացածէն եթէ զեղչենք նաեւ օտարաբարբառ «զգացումով հայեր»-ը եւ «տուրիստ հայեր»-ը, ես ալ կը հարցնեմ, թէ ի՞նչ կը մնայ,- ըսի իմ կարգիս:

Էլպիս խոհանոցէն հասաւ խոշոր սկուտեղի մը վրայ բազմած նրբահամ եւ անգտանելի կրծաքանուշով: Աշխարհաքաղաքացիի արտադրութիւնը լուռ համաձայնութեամբ յետաձգուեցաւ:

Արդէն բազմաթիւ հարցեր կը լուծուին… յետաձգուելով:

Մակար, ի Գաղիա, 4 մայիս 2013

Share this Article
CATEGORIES