Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու Վատիկանի Փորձերը Դարձեալ Կը Ձախողին. Ինչո՞ւ Զարմանալ…
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Վատիկանեան աղբիւրներ տեղեկացուցին, թէ Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Միջկրօնական երկխօսութեան պապական խորհուրդին քարտուղարը` հայր Միկել Անխել Այուսօ Կուիքսոթ մայիսի վերջին օրերուն գացած է Անգարա` Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախագահութեան (տիանեթ) պատասխանատուներուն հետ պաշտօնական հանդիպումներ ունենալու: Տիանեթը Թուրքիոյ սիւննի իսլամական բարձրագոյն իշխանութիւնն է` հիմնուած թրքական խորհրդարանին կողմէ, 1924-ին եւ կախեալ է ուղղակիօրէն վարչապետէն: Այս հիմնարկը կը զբաղի կրօնին վերաբերեալ հարցերով եւ վարիչն է պաշտամունքի վայրերուն:
Հայր Միկել Անխել Այուսօ Կուիքսոթ, ընկերակցութեամբ Միջկրօնական երկխօսութեան պապական խորհուրդի իսլամական հարցերու բաժնի պատասխանատու գերյարգելի Խալետ Աքաշեհի, հինգշաբթի` 30 մայիս 2013-ին տեսակցութիւն մը ունեցած է Տիանեթի նախագահ Մեհմեթ Կէօրմեզի հետ: Վատիկանի ներկայացուցչին` ըստ երեւոյթին լուսարձակներէ հեռու տեղի ունեցած այս այցելութեան նպատակը եղած է գործադրութեան դնել «Statement of Intent» (Յայտարարութիւն նպատակներու մասին) խորագրեալ համաձայնագիրը որ կնքուած է վատիկանեան պաշտօնատան եւ Տիանեթին միջեւ եւ ստորագրուած 25 ապրիլ 2002-ին Հռոմի մէջ: Փաստաթուղթը ստորագրուած է Տիանեթի այդ օրերու նախագահ Մեհմեթ Նուրի Եըլմազին եւ կարտինալ Ֆրանսիս Արինզէի կողմէ, որ Միջկրօնական երկխօսութեան պապական խորհուրդին նախագահն էր: Այնուհետեւ շփումները շարունակուած են երկուկողմերունմիջեւ, սակայն համաձայնագիրը գործադրութեան դնելու փորձերը ապարդիւն եղած են եւ ան մեռեալ տառ մնացած է: Ինչո՞ւ: Վատիկանեան աղբիւրները այս մասին բացատրութիւն չեն տար, ոչ ալ զարմանք կը յայտնեն` գոհանալով հրապարակել համաձայնագրին նպատակը.
1) Զարգացնել կրօններու միջեւ հասկացողութիւնը եւ ջնջել կրօնական բնոյթի թիւրիմացութիւնները եւ նախապաշարումները,
2) Յարգել տալ կրօնի, հաւատքի եւ խղճի ազատութիւնը,
3) Քաջալերել եւ զարգացնել տարբեր կրօններու մասին կազմաւորման յայտագիրները,
4) Նպաստել Միջկրօնական երկխօսութեան` իր բոլոր ձեւերուն մէջ, մասնաւորաբար դիւրացնելով կրօնական ուսուցման հետ առնչուած համալսարանական հաստատութիւններուն միջեւ շփումները,
5) Համաձայնագրի գործադրութեան հսկել երկուկողմերու ներկայացուցիչներուն միջեւ կանոնաւոր ժողովներու միջոցով:
Վատիկանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագրին վերոնշեալ նախատեսութիւնները ինքնին պերճախօս բացատրութիւնն են համաձայնագրի մեռեալ տառ ըլլալուն: Արդարեւ, Օսմանեան կայսրութեան ջարդարար ղեկավարներուն հարազատ իրաւայաջորդը` «սուլթան» Էրտողան ինչպէ՞ս կրնար իր հաւանութիւնը տալ մարդու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, խօսքի, խղճի ու հաւատքի ազատութիւններուն հանդէպ յարգանք պարտադրող պայմաններու, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան կարգ ու կանոնին հաւատարմութիւն ենթադրող համաձայնագրի մը եւ անով նախատեսուած գործընթացի մը, որուն` իրմէ յանձնառու ըլլալ կը պահանջէր միջազգային բարոյական ամէնէն հեղինակաւոր իշխանութիւնը, մինչ էրտողանեան իշխանութիւններուն վարքագիծը, անոնց կողմէ կիրարկուած թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւնը իր բոլոր երեսներով ժխտումն է այդ գործընթացով պահանջուած քայլերուն:
Վատիկանի պատասխանատուները վստահաբար չեն կրնար բռնատէր Էրտողանի իշխանութիւններէն նման համաձայնագրի մը ընդունումը ակնկալելու չափ միամիտ ըլլալ, մինչ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին փոքրամասնութիւնները կը ճնշուին, մարդու իրաւունքները կ՛ոտնահարուին, ազատախօս քաղաքացիներու մտաւորականներ կը հալածուին, քրիստոնեայ կրօնաւորներ կը սպաննուին, պատմական մշակոյթի կոթողներու եկեղեցիներ կը թալանուին ու կը կործանուին, սերունդներ ցեղապաշտական ոգիով կը դաստիարակուին, պատմական ճշմարտութիւնները կը խեղաթիւրուին կամ կը ժխտուին, եւ այս բոլորը եւ շատ աւելին` իշխանութիւններուն գիտակցութեամբ ու բացայայտ մեղսակցութեամբ:Հետեւաբար, Ֆրանչեսկոս սրբազան քահանայապետի ընտրութենէն հազիւ երեք ամիս անց, 2002-ին կնքուած համաձայնագիրը անգամ մը եւս վերականգնել ու գործադրութեան դնել փորձելով, փորձի ձախողութենէն ետք անոր բովանդակութիւնը հրապարակելով, զայն միջազգային հանրային կարծիքին սեփականութիւնը դարձնելով` Վատիկան յաչս աշխարհին եւ յատկապէս յաչս Եւրոպային բացայայտած կ՛ըլլայ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ իշխանութիւններուն կեղծիքը, իրական դիմագիծը եւ այլատեաց նկարագիրը, որ կը մնայ այն, ինչոր էր հարիւր տարի առաջ:
5 յունիս 2013

