«ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔ»Ը ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԷՆ ԱՆԴԻՆ. ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆԻ ՀԵՏ
Հ.- Ինչպէ՞ս կը բացատրէք 2007-ի յունուարի 19-էն ետք, յետ երկրին հասարակութեան մէջ առաջացած ճեղքին, ցուցաբերուած գերազանցօրէն աննախընթաց հակազդեցութիւնը:
Պ.- Ինչպէս աշխարհը, Թուրքիան նոյնպէս փոփոխութեան ընթացքի մէջ է, սակայն պետութեան աշխատողներու ամբողջ կառոյցը, դիւանակալութիւնը եւ զինուորականութիւնը այս փոփոխութիւններուն հետ քայլ չեն պահեր: Պետութեան մէջ պետութիւն դարձած «ուրուային պետութիւն» կոչուած յետադիմական, խաւարամիտ, պահպանողական, զինուորական կազմակերպութիւնը դեռ կը շարունակէ «ուժ» ըլլալ:
Հրանդ Տինքի սպանութիւնը «ուրուային պետութեան» ուժերուն կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած է: 2007 յունուարի 19-էն չորս երկար տարիներ անցած են, սակայն արդարութիւնը դեռ իր խօսքը չէ ըսած, դեռ ամբողջութեամբ չէ բացայայտուած Հրանդին սպանութիւնը իրականացուցած մեքանիզմը:
Հրանդին սպանութենէն ետք, եթէ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով մէջտեղ եկած ժողովրդային հակազդեցութիւնը այսքան զօրաւոր չըլլար, այս ոճիրին թղթածրարն ալ իր նմաններուն պէս պիտի փակուէր, եւ ահա այս պատճառով իսկ Հրանդ Տինքի ոճիրին բացայայտումը հետապնդող գիտակից, համբերատար եւ համապատասխան հետեւողական աշխատանք տանող հազարաւորներ, տասնեակ հազարաւորներ Թուրքիոյ լուսամիտ կողմի, անոր յոյսի ներկայացուցիչներն են:
Հ.- Ըստ ձեզի, ո՞ւր կը գտնուի այսօր Թուրքիոյ իտէալը հանդիսացած «Ազգային պետութիւն»ի եւրոպական բնորդը, որուն իրականացման համար ինչպէս իթթիհատական, նոյնպէս ալ հանրապետական Թուրքիան ոչ մէկ միջոց կը բացառէ:
Պ.- Ըստ իս, իթթիհատականներու ժամանակներէն ի վեր թուրք ազգային պետութիւն մը ստեղծելու քաղաքականութիւնը դեռ կը շարունակուի, թրքացումն ու սիւննիացումը, ձեռք-ձեռքի տուած, կը շարունակեն իրենց տակաւ խորացող ընթացքը, 1980-ի ֆաշական պետական հարուածէն ետք դեռ կը շարունակուին ալեւի գիւղերուն մէջ մզկիթ կառուցելու, քիւրտ մանուկներուն թրքերէն սորվեցնելու ճիգերը: 1933-էն ի վեր Թուրքիոյ տարածքին եւ, առանց բացառութեան, նախակրթարան յաճախող բոլոր մանուկներուն ամէն առաւօտ «Թուրք եմ… աշխատասէր եմ…» եւ «Երանի անոր, որ թուրք եմ կ՛ըսէ…» ըսել տալով` անոնց թարմ ուղեղները ազգայնամոլութեամբ կը լեցնեն: Հետեւաբար կրնամ ըսել, որ ազգ-պետութիւն կառուցելու իտէալը ամէն տեսակի ձեւերով եւ գործելաոճով կը շարունակէ իրականացման իր ընթացքը:
Հ.- Էրկենեքոնի քաղաքական գայթակղութիւնը եւ անոր առնչակից դատավարութիւններուն ուղղութեամբ կատարուող պետական տնօրինումները ի՞նչ արդիւնք եւ հետեւանք կրնան ունենալ պետական քաղաքականութեան ընթացքին վրայ եւ ի՞նչ նպաստ կը բերեն ձեր տարած պայքարին:
Պ.- Էրկենեքոնի հարցին վերաբերեալ ամփոփ կերպով հետեւեալը կրնամ ըսել. Թուրքիոյ մէջ «Թեշքիլաթի մահսուսա»էն (*) մինչեւ այսօր գոյութիւն ունի ուրուային պետութեան մը կազմակերպութիւնը: ՕԹԱՆ-ի անդամակցութենէն ետք, անոր միւս բոլոր անդամ երկիրներուն նման, Թուրքիան ալ, մեկնելով Պաղ պատերազմի առանցքային պայմաններէն, ուղղակիօրէն Փենթակոնի կապուած ռազմական գաղտնի կառոյցներ ստեղծեց: Այս բոլորը Թուրքիոյ մէջ կառուցելու համար շատ արիւն թափեցաւ: 1955-ի 6-7 սեպտեմբերին տեղի ունեցած դէպքերուն` պատերազմական գաղտնի գրասենեակին եւ պետական գաղտնի սպասարկութիւններուն ձեռակերտը ըլլալու մասին այսօր բացէ ի բաց կը գրուի, եւ պատկերասփիւռի կայաններէն այդ մասին տեղեկութիւններ կը հրապարակուին, ուր այդ գործողութիւններուն մէջ դեր խաղցողները հպարտութեամբ կը պատմեն իրենց ըրածներուն մասին:
Էրկենեքոն կոչուած կազմակերպութիւնը այդ գաղտնի կազմակերպութիւններու ցանցին շարունակութիւններէն մէկն է: Որքան շատ բացայայտուի այս կազմակերպութիւնը, այնքան կը նուազի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղութիւնը: Թուրքիան պէտք է ընթանայ իրական եւ լիարժէք ժողովրդավարացման ուղիով:
Հ.- Ձեր կարծիքով, Թուրքիոյ այսօրուան երիտասարդութիւնը իմացական ի՞նչ հիմքերու վրայ իր ինքնութիւնը կը կերտէ:
Պ.- Ինչպէս որ պատահեցաւ 1980-ի 12 սեպտեմբերէն ետք, այսօր ալ երկրին երիտասարդ տարրը իր ինքնութեան գիտակցումը ընդհանրապէս կը կառուցէ ազգայնամոլական, կրօնամոլական, այլ խօսքով` թրքացումի եւ իսլամացումի գաղափարախօսական համադիր մտայնութեան մը վրայ: Աղանդներու եւ սիւննի իսլամականներու ազդեցութիւնը տակաւ կը տարածուի երիտասարդութեան մէջ:
Նախակրթարանի եւ միջնակարգի մէջ կրօնագիտութեան խիստ ուսուցումը դեռ կը շարունակուի, զինուորական պարտադիր ծառայութիւնն ալ դեռ կը շարունակուի: «Ամենահզօրը մեր զինուորն է» կոչերով, թմբուկի եւ զուռնայի ընկերակցութեամբ նորակոչիկները զինծառայութեան կ՛ուղարկուին, իսկ չծառայողներուն կարգ մը գիւղերու մէջ աղջիկ ալ չեն տար: Սակայն, հակառակ ազգայնամոլութեան տարածման համար թափուող բոլոր ջանքերուն, այսօր Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունին նաեւ ազատ միտքի, զարգացման կողմնակից, խաղաղութեան մշակոյթի պատգամը ընկալած, հանդուրժողութեան ոգի ունեցող եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան ձգտող մարդիկ, կուսակցութիւններ եւ գաղափարական հոսանքներ: Հրանդին դագաղին հետեւող հարիւր հազարաւորները ասոնց միայն մէկ մասն են: Մեր յոյսը նմաններուն բազմանալն է…:
Հ.- Այսօրուան թուրքը բնականաբար պատասխանատու չէ 1915-ի կատարուածներուն, բայց մաս կը կազմէ ժխտողականութեան քաղաքականութեան գործընթացին: Ըստ ձեզի, ի՞նչ են ժխտողականութեան մեքանիզմին գործօնները, եւ դուք ի՞նչ միջոցներով կը փորձէք ձեր պայքարը տանիլ անոնց դէմ:
Պ.- Թուրքիոյ Հանրապետութեան կայացումէն ի վեր, իբրեւ առանցքային անզանցառելի խնդիր, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կը շարունակէ մաս կազմել պետական պաշտօնական քաղաքականութեան: Եթէ ուրացումի այս քաղաքականութիւնը չփոխուի, դժուար է մտածել Հայաստան-Թուրքիա կայուն, խաղաղաբարոյ, բարեկամական եւ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու կայացման եւ զարգացման մասին: Այս ուղղութեամբ երկու երկիրներու ողջախոհ, ուղղամիտ եւ խաղաղասէր բոլոր տարրերուն, մտաւորականներուն, գրողներուն եւ արուեստագէտներուն վերապահուած է կարեւոր դերակատարութեան մը առաքելութիւնը, իրենց գիտակցութեամբ, համոզումով եւ համբերութեամբ սատարելու երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական փոխադարձ յարաբերութիւններու ստեղծման:
Հ.- Վերջին շրջանին իր դրացիներուն հետ Թուրքիոյ կիրարկած «զերօ խնդիր քաղաքականութիւն»ը տակաւ բարեյաջող ընթացք կ՛արձանագրէ, մանաւանդ` արաբական որոշ երկիրներու հետ: Ինչո՞ւ նոյն սկզբունքը ի զօրու չէ դրացի Հայաստանի պարագային:
Պ.- Հայկական հարցը յունական հարցին չի նմանիր: Հայկական հարցը արաբական հարցին երբեք չի նմանիր: Արաբներուն եւ թուրքերուն միջեւ ցեղասպանութեան հարց չկայ, այս պատճառով իսկ Թուրքիան իր արաբ դրացիներուն հետ ունեցած իր խնդիրները դիւրութեամբ կրնայ լուծել, եւ արդէն իսկ սկսած է լուծել, սակայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները դեռ կը մնան 1915-ին եւ անկէ ետք տեղի ունեցած մեծ ողբերգութիւններու, մեծ անարդարութիւններու ստուերին մէջ:
Միւս կողմէ, ինծի կը թուի, թէ շատ հայաստանցիներ այսօրուան Թուրքիոյ մարդոց մէջ մեր նմաններուն ծանօթ չեն, երբ «թուրք» բառը լսեն, անմիջապէս Էնվերը, Թալէաթը եւ Ճեմալը կը մտաբերեն: Ըստ իս, այս մտածելակերպը սխալ է: Հայաստանի ազգայնամոլները աշխարհն ու Թուրքիան նեղ տեսանկիւնէ մը կը դիտեն եւ տեղի ունեցող զարգացումները ամբողջութեամբ չեն տեսներ: Նոյնը անշուշտ թուրք ազգայնամոլներուն ալ կը վերաբերի, որովհետեւ ազգայնամոլութիւնը մարդուն աչքերը կը կուրցնէ եւ պատմական ու ընկերային իրադարձութիւնները բազմակողմանիօրէն ուսումնասիրելու եւ ըմբռնելու արգելք կը հանդիսանայ: Այս ուղղութեամբ հայ եւ թուրք մտաւորականները, մշակութային գործիչները եւ գրողները պէտք է ընդլայնեն երկու ժողովուրդներու անկանխակալօրէն զիրար հասկնալու համար իրենց ի գործ դրած ճիգերն ու նախաձեռնութիւններու դաշտը: Երկու հաւաքականութիւններուն միջեւ մշակութային յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել: Մարդիկ իրարու հետ խօսելով, իսկ անասունները զիրար հոտուըտալով կը հասկցուին:
Հ.- Անցեալին` ապատեղեակութեան եւ ներկայի մէջ ապատեղեկատուութեան պայմաններով, սփիւռքահայութեան մասնաւորաբար տարագիր հատուածին մասին Թուրքիոյ հանրային կարծիքը միանշանակ բացասական պատկեր կը ներկայացնէ: Ի՞նչ կ՛ըսէք այս մասին:
Պ.- Այս հարցումը իրապէս շատ կարեւոր է: Պէտք չէ ընդհանրացնել նախապաշարումները եւ կանխակալ տրամադրութիւնները: Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ աշխարհասփիւռ հայերու մէջ գոյութիւն ունին քաղաքական զանազան բաժանումներ եւ տեսակներ: Այս արդէն բնական երեւոյթ է, սակայն երկու դրացի երկիրներու թուրք եւ հայ ժողովուրդները զիրար չեն ճանչնար, երկու ժողովուրդներուն մէկզմէկու մօտիկէն ծանօթանալու առաջնորդող անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները շատ քիչ են:
Թուրքիոյ մէջ շատեր սփիւռք հասկացողութեան իմաստն իսկ չեն գիտեր, ոմանց խելապատիկին մէջ այդ բառը գէշ երկրի մը պատկերը կ՛ուրուագծէ: Ժողովուրդին մէջ «սփիւռքի հայերուն տարած ողջ գործունէութիւնը Թուրքիան քանդելն է…»ի նման թիւր կարծիք մը բոյն դրած ու տարածուած է: Այս սխալ կարծիքները եւ նոյնքան անտեղի ենթադրութիւնները կը հրահրուին եւ տարածում կը գտնեն ազգայնամոլ բացայայտ շրջանակներու եւ անոնց սայլին լծուած մամուլին եւ համապատասխան հրատարակութիւններով հանդէս եկողներու տարած աշխատանքով: Սփիւռքի մէջ ապրելու հարկադրութեան դիմաց գտնուած եւ աշխարհի տարածքին ցրուած այս հայերը Անատոլուի հարազատ զաւակներն են: Անոնք, բնականաբար ոչ իրենց ցանկութեամբ, այլ ստիպողաբար կտոր մը խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն գտնելու համար իրենց տունն ու տեղը լքելու ստիպուած հայերն են:
Խորհրդային Միութեան շրջանին սահմանները բոլորովին փակ էին: 1991-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կայացումէն երկար ժամանակ ետք ալ, սահմանները դեռ գոց կը մնան: Իմացածիս համաձայն, Հայաստանի մէջ անցեալի ժխտական երեւոյթները կը շարունակեն տարբեր ձեւերով դրսեւորուիլ եւ ժողովրդավարութեան գործընթացը իր ամբողջական հասկացողութեամբ դեռ մուտք չէ գործած մարդոց կեանքին մէջ:
Պէտք է ըսել, որ ո՛չ Թուրքիան 1915-ի Թուրքիան է, ո՛չ ալ Հայաստանը, սակայն նախապաշարումները փոխադարձաբար կը շարունակուին: Հետեւաբար կաղապարուած մտայնութիւնները փոխելու համար խիստ անհրաժեշտ է երկու հաւաքականութիւններուն իրարու ծանօթանալուն նպաստող միջոցներու ստեղծումը: Իբրեւ գրող` կարեւոր կը գտնեմ նաեւ գրականութեան եւ արուեստի խաղալիք դերը այս միջոցներու զարգացման ընթացքին վրայ:
Հ.- Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները եւ անոնց առնչակից մանաւանդ սահմանային հարցը ինչպէ՞ս կը դիտէք:
Պ.- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գտնուող Անի քաղաքի Արփաչային (Ախուրեան, Ա.) վրայ կառուցուած մետաքսի ճանապարհի կամուրջը քանդուած է, սակայն այս կամուրջին երկու կողմերու պատուանդան սիւները դեռ կանգուն կը մնան: 36 մեթր երկարութիւն ունեցած հաշտութեան այս կամուրջը օր մը դարձեալ պիտի կառուցուի: Մենք` Թուրքիա-Հայաստանի միջեւ մնայուն հաշտութեան իրականացման համար աշխատանք տանողներս, հաշտութեան այս կամուրջին վրայ պիտի ողջագուրուինք եւ հաշտութեան կենացը խմելու համար մեր բաժակները պիտի բարձրացնենք: Կը հաւատամ, որ գալիք օրերը գեղեցիկ պիտի ըլլան: Ես եւ մերոնք եթէ չտեսնենք, մեր զաւակները պիտի տեսնեն այդ գեղեցիկ օրը:
19 յունուար, 2011
Հարցազրոյցը վարեց
ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
E-Mail: [email protected]
Յատուկ «Ազդակ»ին
(*) Օսմանեան շրջանի ոստիկանական գաղտնի կազմակերպութիւն:(Շար. 2 եւ վերջ)