ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. ԻՐԱՆԵԱՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ԶՏԱՐԱՆԻ ՄԸ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ԶՈՀ ՄԸ ԵՒ 22 ՎԻՐԱՒՈՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի այցելութեան ընթացքին Ապատանի քարիւղի զտարանին մէջ երէկ կազի սպրդումի մը պատճառով պայթում մը զոհ մը եւ 22 վիրաւոր պատճառեց: Ահմատինեժատ չվնասուեցաւ:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ պայթումը «թեքնիք հարցերու» պատճառով էր եւ դէպքին վայրէն ծուխ բարձրացած է, սակայն հրշէջները հրդեհը հակակշիռի տակ առած են: Արկածը Ահմատինեժատի այցելութեան վրայ չէ ազդած: Ան Իրաքի սահմանին մօտ գտնուող Ապատանի զտարանը կ՛այցելէր` քարիւղի արտադրութեան նոր արտադրամասի մը բացումը կատարելու համար:

Իրանեան պատկերասփիւռի կայանը սփռեց պատկերներ, ուր Ահմատինեժատ կ՛երեւէր նոր բաժինի բացումի արարողութեան ընթացքին խօսք մը արտասանելու ընթացքին:

Նշենք, որ վերջերս Ահմատինեժատի եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի միջեւ տարակարծութիւններ ի յայտ եկած էին, Պասիժ շարժումի ղեկավարը Ահմատինեժատի նկատմամբ իր շարժումին զօրակցութիւնը յետս կոչած էր եւ զինք Մուժահիտի Խալքին անդամակցութեան յանցանքով ամբաստանած, ինչպէս նաեւ Ահմատինեժատի օգնականներէն 30 անձեր ձերբակալուած էին մոգութեան յանցանքով:

 

Share this Article
CATEGORIES