Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. ԱՐԶԻ 20-ՐԴ ՌԵԼԻՆ 3-4 ՅՈՒՆԻՍԻՆ

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Ա. Թէ. Սէ. Էլ. յայտարարեց, որ յառաջիկայ 3-4 յունիսին, տեղի պիտի ունենայ Արզի 20-րդ ռելին, որ Լիբանանի ռելիներու 2011-ի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումն է: Ռելին, որուն ընդհանուր երկարութիւնն է 351,75 քմ, տեղի կ՛ունենայ ասֆալթապատ ճամբաներու վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 27 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 16:30-ը:

Այս ռելիին մասնակցողները կրնան ուղղուիլ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղին (Քասլիք) եւ հոն արձանագրել իրենց անունները:

Share this Article
CATEGORIES