ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԷՆ
Երեքշաբթի, 3 մայիս 2011-ին, Հայկազեան համալսարանի 30 հոգի հաշուող մարզական պատուիրակութիւնը Պարսելոնայէն յաղթանակով վերադարձաւ Պէյրութ:
Արդարեւ, Հայկազեան համալսարանի տղոց եւ աղջկանց ֆութսալի ու աղջկանց պասքեթպոլի խումբերը 28 ապրիլին մեկնած էին Պարսելոնա, մասնակցելու համար ԵուրօԷսատէ 2011 մարզական միջազգային մրցաշարքին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Համալսարանի ուսանողական հարցերու փոխպատասխանատու Ալեն Քէյրուզը, օգնական ունենալով Հայկազեանէն համալսարանաւարտ Ռազմիկ Գաբրիէլեանը, աղջկանց պասքեթպոլի խումբի մարզիչ Էմմա Էսքիճեանը եւ տղոց ֆութսալի մարզիչ Մարուն Խուրին:
Հայկազեան համալսարանի մարզական խումբերը կատարեցին 14 մրցում, յաղթեցին 6-ին, հաւասարեցան` մէկուն եւ պարտուեցան 7 անգամ:
Ի տարբերութիւն անցեալ տարուան, երբ տղոց ֆութսալի խումբը հանդիսացած էր մրցաշարքին երրորդ` մասնակից 25 խումբերուն մէջ այս տարի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը հասաւ աւելի մեծ յաջողութեան` հանդիսանալով փոխախոյեան: Արդարեւ, աղջկանց պասքեթպոլի խումբը յաղթեց եւրոպական երեք երկիրներէ` Հոլանտայի, Իտալիոյ եւ Զուիցերիոյ համալսարաններէն ժամանած իրենց մրցակիցներուն, յաղթեց նաեւ իր զօրաւոր մրցակիցին` սպանական խումբին եւ միայն երկու կէտով պարտուեցաւ աւարտական մրցումին` գրաւելով պատուաւոր երկրորդ դիրքը: Խումբին անդամներն են` Տիանա Աթալլա, Նաթալի Աղպոշեան, Արփի Գազանճեան, Փաթիլ Գազանճեան, Ալին Թանկուկեան, Ֆարահ Հարիզ, Նայիրի Ոսկերիչեան, Նաթալի Սվաճեան եւ Շաֆիքա Քուպէյթրի:
Տղոց ֆութսալի խումբը յաղթանակ արձանագրեց ֆրանսական Սիանս Փօ. Պէ. (2-1) եւ Աւստրիոյ Ինսպրուք համալսարաններու խումբերուն դէմ (2-0), եւ պարտուելով իտալական Պիքոչչա Ա (2-0) ու սպանական Էսատէ Ա. (3-2) համալսարաններու խումբերէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Ֆութսալի խումբին համեստ այս յաջողութիւնը կը վերագրուի խումբի հիմնական խաղացողներէն երեքին բացակայութեան: Արդարեւ, ուսումնական պատճառներով, այդ երեքը չէին կրցած ճամբորդել Պարսելոնա: Խումբին անդամներն են` Ռազմիկ Գաբրիէլեան, Ժան Փոլ Գոնճեան, Նարեկ Դաւիթեան, Մոհամետ Թապպարա, Պօղոս Մալեան, Յակոբ Միհրանեան, Սեւակ Տեմիրճեան, Խաչիկ Քերպապեան եւ Ճորճ Ֆեթուլլահեան:
Աւելի համեստ էին համալսարանի աղջկանց նորակազմ ֆութսալի խումբին արդիւնքները. անոնք հաւասարեցան Եու. Պի. Վի. Վալենսիա համալսարանի խումբին հետ եւ պարտուելով Շուէտի, Զուիցերիոյ ու Սպանիոյ համալսարանական խումբերէն` դուրս մնացին մրցաշարքէն: Պէտք է ըսել, թէ այս խումբը առաջին անգամն է, որ կը մասնակցի միջազգային մրցաշարքի մը` արտասահմանի մէջ: Խումբին անդամներն են Լոռի Ակոբեան, Մարի Գալայճեան, Սարին Գարաճեան, Մարիա Թելֆէեան, Զեփիւռ Ճոքաքլեան, Շաղիկ Յովսէփեան, Արին Չերչեան, Հերա Սարաֆեան, Քրիսթինա Տեմիրճեան եւ Քարլա Տենկիզեան:
Արտասահմանեան նման մրցաշարքերը կ՛օգնեն որ այլ բաներու կողքին, համալսարանի ուսանողները ուղղակիօրէն շփուին եւրոպական կեանքին ու ձեռք ձգեն ուսանողական յատկանշական փորձառութիւն: Նման խմբային ձեռնարկները կը ծառայեն նաեւ ուսանողներուն միջեւ յարաբերութեանց ու բարեկամութեանց սերտաճման:
Կը շնորհաւորենք Հայկազեան համալսարանի մարզական բաժանմունքի պատասխանատու Սահակ Պիտինեանը եւ խումբերը` իրենց այս ձեռքբերումներուն համար: