ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.ՄԱՎԸՐԻՔՍ – ՕՔԼԱՀՈՄԱ ՍԻԹԻ` 3-1
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւմտեան շրջանի աւարտական չորրորդ ճակատումին, Տալաս Մավըրիքս երկարաձգման ընթացքին 112-105 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր մրցակիցին, 3-1 արդիւնքով գերազանցեց զայն: Անոնց միջեւ հինգերորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 26 մայիսին, Տալասի մէջ:
Երէկուան այս մրցումին Մավըրիքսի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր գլխաւոր դերը ունեցաւ գերմանացի Տըրք Նովիթցքի, որ նշանակեց 40 կէտ: Մրցակից կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 29 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի Արեւելեան շրջանի աւարտականին, Մայեմի Հիթ, որ այսօր պիտի հիւրընկալէ Շիքակօ Պուլզը, այժմ 2-1 արդիւնքով կը յառաջանայ իր հիւրին վրայ:
CATEGORIES Մարզական