ՉԵԼՍԻ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԸՐԱՒ ԻՐ ՄԱՐԶԻՉԸ

Նախանցեալ օր Չելսիի հետ իր վերջին մրցումը կատարելէ ետք, լոնտոնեան ակումբի իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի պաշտօնանկ եղաւ, որովհետեւ իրմէ ակնկալուած արդիւնք չկրցաւ տալ:

Երկու տարի առաջ իր պաշտօնը ստանձնած Անչելոթթի, իր կատարած վերջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Էվըրթընէն, որ իր այս ճակատումը շարունակեց տասը մարզիկով:

Չելսիի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ իտալացին իր պաշտօնը չշարունակեց, այնպէս ինչպէս որ սկսաւ տարեշրջանին նախօրեակին:

Նշենք, որ Չելսի տարեշրջանը աւարտեց 2-րդ դիրքին վրայ` 9 կէտով ետ մնալով ախոյեան հանդիսացած Մանչեսթըր Եունայթըտէն:

Share this Article
CATEGORIES