Ռուհանի` Իրանի Նախագահ
Քուէարկելու իրաւունք ունեցող 50 միլիոն իրանցի քաղաքացիներուն շուրջ 72.2 առ հարիւրը ուրբաթ օր մասնակցեցան նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի յաջորդի ընտրութեան: Ըստ շաբաթ օր հրապարակուած ընտրութեան վերջնական արդիւնքին, Հասան Ռուհանի ընտրութեան մասնակից 36,704,156 քուէարկողներէն 18,613,329-ի քուէները ապահոված է, այլ խօսքով` քուէներու 50.71 առ հարիւրը: Անոր անմիջական մրցակիցը` Թեհրանի քաղաքապետ Մոհամետ Պաքըր Քալիպաֆ, ապահոված էր քուէներուն միայն 16.56 առ հարիւրը:
Ռուհանի խորհրդարանական բազմաթիւ պաշտօններ եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին հարցով աւագ բանագնացի պաշտօնը վարած է: Անոր նկատմամբ զօրակցութիւնը աճ արձանագրեց, երբ ընտրապայքարին մասնակից միակ բարեկարգչական թեկնածու Մոհամետ Ռեզա Արեֆ իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց` ընդառաջելով նախկին նախագահ Մոհամետ Խաթեմիի խրատին: Ռուհանի կը վայելէր նախկին նախագահներ Խաթեմիի եւ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանժանիի զօրակցութիւնը:
Ռուհանիի ընտրական գլխաւոր խոստումներէն մէկն էր ջանալ Իրանի դէմ հաստատուած միջազգային պատժամիջոցները մեղմացնել: Ան նաեւ խոստացաւ արեւմտեան ուժերու հետ յաւելեալ երկխօսութիւն կատարել:
Միջազգային Հակազդեցութիւն
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու զգուշացուց, որ Իրանի վրայ միջազգային ճնշումը պէտք չէ մեղմանայ: Ան ըսաւ, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրը «որեւէ միջոցով» պէտք է կասեցուի, եւ Ռուհանիի յաղթանակին նկատմամբ որեւէ «պատրանքներ» պէտք չէ ըլլան:
Նեթանիահու աւելցուց, որ «Իրանը իր արարքներէն պիտի դատենք: Եթէ իր հիւլէական ծրագիրը զարգացնելուն վրայ պնդէ, պատասխանը պէտք է յստակ ըլլայ` անոր հիւլէական ծրագիրը որեւէ միջոցով կասեցնել»:
Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես յայտնեց, որ կը յուսայ, որ Ռուհանիի ընտրութիւնը փոփոխութիւն յառաջացնէ: Ան ըսաւ, որ վստահ չէ, թէ Ռուհանի ի՛նչ քաղաքականութիւն պիտի կիրարկէ, «սակայն աւելի լաւը պիտի ըլլայ, վստահ եմ, եւ այդ է պատճառը, որ ժողովուրդը ի նպաստ անոր քուէարկեց»:
Արեւմտեան ուժերը յայտնեցին, որ Իրանի նոր նախագահին հետ երկխօսութիւն կատարելու պատրաստ են:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի նշեց, որ «նորընտիր նախագահ Ռուհանի իր ընտրապայքարին ընթացքին իրերայաջորդ կերպով խոստացաւ ընդլայնել եւ վերականգնել ազատութիւնները բոլոր իրանցիներուն համար: Յառաջիկայ ամիսներուն ան առիթը ունի իրանցի ժողովուրդին տուած իր խոստումները յարգելու»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յոյս յայտնեց, որ իրանեան հիւլէական թղթածրարին «դիւանագիտական արագ լուծում» մը գտնուի:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վստահութիւն յայտնեց, որ Ռուհանիի աշխատանքը առաւել եւս պիտի ամրապնդէ ռուս-իրանեան յարաբերութիւնները:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձի մը մէջ յայտնեց, որ «կը հաւատամ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան աւանդական բարեկամութիւնը եւ բարձր քաղաքական երկխօսութիւնը պիտի շարունակեն իրենց զարգացման վերընթաց ուղին` արձանագրելով նորանոր ձեռքբերումներ` ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկեցութեան»:
Ան ընդգծեց, որ «համոզուած եմ, որ միացեալ ջանքերով հայ-իրանեան միջպետական յարաբերութիւնները պիտի բարձրացնենք որակապէս նոր մակարդակի»:
Սէուտական լրատու միջոցներ հաղորդեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը կ՛ողջունէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը ամրապնդելու Ռուհանիի յայտարարութիւնները:

