Եգիպտոս Կը Խզէ Սուրիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները

Մոհամետ Մուրսի

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի շաբաթ օր  Գահիրէի մէջ «Աջակցինք Սուրիոյ» խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Եգիպտոս կը խզէ Սուրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանը տուն կը կանչէ:

Մուրսիի որոշումով Գահիրէի մէջ «սուրիական վարչակազմի դեսպանատունը» պիտի փակուի: Եգիպտոսի նախագահը նաեւ Հըզպալլայէն պահանջեց իր ուժերը դուրս բերել Սուրիոյ տարածքէն:

Մուրսի միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց նպաստել Սուրիոյ մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծման:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի պատասխանելով Եգիպտոսի նախագահին յայտարարութեան նշեց, որ «մենք կը փափաքէինք, որ ան իսրայէլեան դեսպանատան փակումը յայտարարէր, սակայն այսպիսի ղեկավարութիւններէն այդպիսի կեցուածքներ կարելի չէ սպասել»:

Ան նշեց, որ ուրիշներ անհաւատ նկատող կրօնական ծրագիրը սիոնական ծրագիրին մաս կը կազմէ` նշելով, որ «նոյնիսկ Քուսէյրի մէջ տեղի ունեցածէն առաջ եւ մինչեւ հիմա տարատեսակ պոռչտուք կայ, եւ այդ բոլորին իսկական պատճառը այն է, որ կը գիտակցին, թէ (Սուրիոյ) բանակն ու ժողովուրդը իրենց յաղթելու ընտրանքը վճռած են, աւելի՛ն` կացութիւնը սկսած է փոխուիլ եւ յաղթանակը իրողութեան վերածուած է»:

Ինչ կը վերաբերի սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման, Զողպի յայտնեց, որ «զէնքը առաջին օրէն իսկ կը տրամադրուէր եւ նոյնիսկ տագնապի սկիզբէն առաջ»` վստահեցնելով, որ «մենք քաղաքական լուծումը Քաթարի, Թուրքիոյ կամ Քարտաուիի հետ չենք քննարկեր, այլ` սուրիացիներուն»: «Խօսքը կը վերաբերի այդ լուծումին պատրաստ սուրիացիներուն եւ ոչ թէ Տոհայի համաձայնական մարմինին յայտարարութեանց», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «իշխանութեան յանձնումը միայն քուէատուփերու ճամբով տեղի պիտի ունենայ»:

Ան շեշտեց, որ «սուրիական ղեկավարութիւնը յանձնառու է որեւէ ընտրութեան կամ ժողովրդային հանրաքուէի արդիւնքին, սակայն արդեօք իրենք ատոր պատրա՞ստ են»` աւելցնելով, որ «անոնք երկխօսութեան դիմելու քաջութիւնը չունին»:

Զողպի նշեց, որ Սուրիոյ մէջ զինեալ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ կռուողներուն 80-էն 90 առ հարիւրը սուրիացիներ չեն:

Մինչ գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիա մտադիր է սուրիական ընդդիմութեան հակաօդային հրթիռներ տրամադրել, իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ Հասան Փիրուզ Ապատի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի` Սուրիոյ մէջ «ահաբեկիչները» զինելու վերաբերեալ իսրայէլեան թելադրանքով որդեգրած որոշումը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամերիկացի նախագահի մը գործած մեծագոյն սխալը պիտի ըլլայ:

Ան նշեց, որ այդ զէնքին մատակարարումը այլեւս անօգուտ է, որովհետեւ Սուրիոյ բանակը այդ զինեալները նահանջի մատնած է: «Սուրիական բանակը պարտութեան պիտի մատնէ սիոնականներուն ահաբեկչական գործակալները եւ անոնց ստիպէ սուրիական սահմաններուն վերջին կէտէն իսկ հեռանալու»:

Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարար եւ կառավարութեան բանբեր Մոհամետ Մումնի հերքեց, թէ Սուրիոյ հետ Յորդանանի սահմանին վրայ օտար կամ արաբական ուժեր տեղակայուած են: Ան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «յորդանանեան զինեալ ուժերը մեր հիւսիսային սահմանները պաշտպանելու կարողութիւնը ունին եւ կարիք չկայ հիւսիսային սահմաններուն վրայ այդպիսի ուժերու ներկայութեան»:

Սուրիական ազատ բանակէն ղեկավար աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ զէնքի մատակարարման ամերիկեան որոշումէն ետք Սուրիական ազատ բանակին յանձնուելիք առաջին զէնքերուն շարքին պիտի ըլլան հակաօդային «Օսա» հրթիռները, որոնք նախապէս Վարշաւայի ուխտին մաս կազմած արեւելեան եւրոպական երկիրներուն մօտ կը գտնուին: Ան ընդգծեց, որ «Սուրիական ազատ բանակի ստանձնելիք որակական զէնքերը ամերիկեան պիտի չըլլան»` աւելցնելով, որ «զօր. Իտրիսի հրամանատարութեան տակ եղող Սուրիական ազատ բանակին ստանձնելիք զէնքերուն մեծամասնութեան աղբիւրները արեւելեան Եւրոպայի երկիրները պիտի ըլլան»:

Share this Article
CATEGORIES