Եմէն Դարձաւ Քոսովոյի Անկախութիւնը Ճանչցած 100-րդ Երկիրը

«Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարար Էնվեր Հոճայ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ յայտնած է, որ Եմէնի հանրապետութիւնը Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչցած 100-րդ երկիրը դարձած է` աւելցնելով, որ Եմէնի իշխանութիւններէն համապատասխան հաստատում ստացած է:

«Ես խօսած եմ երկրի արտաքին գործոց նախարարին հետ, որ հաստատեց Քոսովոյի հանրապետութեան պաշտօնապէս ճանաչումը», գրած է ան:

Եմէնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս Սերպիոյ եւ Քոսովոյի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էր` կարգաւորելու յարաբերութիւնները ի շահ Պալքանեան տարածաշրջանի կայունութեան:

Յիշեցնենք, որ Քոսովօ միակողմանի կերպով Սերպիայէն իր անկախութիւնը հռչակած էր 2008-ին:

Share this Article
CATEGORIES