Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

Շաբաթ, 15 յունիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ հանդիպում ունեցաւ իրեն հետ նախագահական պալատին մէջ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ 12-14 յունիսին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային ընդհանուր ժողովին մասնակցած թեմակալ առաջնորդներէն ու ժողովականներէն 30 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց նախագահին, որ իր կատարած այցելութիւններուն ճամբով Լիբանանի ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը կը շեշտէ միջազգային համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ու լիբանանեան սփիւռքի յարաբերութիւնը եւ գործակցութիւնը աւելի կ՛ամրապնդէ: Խօսելով Միջին Արեւելքի կացութեան մասին` վեհափառ հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց յատկապէս անոր ունեցած ժխտական անդրադարձին մասին` շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ: Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերու մէջ նախագահին բացատրութիւններ տուաւ Ազգային ընդհանուր ժողովին մասին, եւ անոր ունեցած կարեւոր դերի մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ մեր Սուրբ աթոռին առաքելութեան մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին կատարած արժեւորումին եւ գնահատանքին գծով` իր կարգին շեշտելով արտաքին աշխարհին հետ Լիբանանի յարաբերութեանց կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը: Այս առիթով նախագահը նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ լիբանանահայութեան եւ անոր բերած կարեւոր նպաստին` Լիբանանի ծաղկման եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն:

Ազգային ընդհանուր ժողովի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայութեան առանձին խորհրդակցութիւն ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ` Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցերու գծով:

Share this Article
CATEGORIES