Տեսակէտ. Թրքական Բնորդին Հասած Իրանեան Հարուած Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ուրբաթ, 14 յունիսին Իրանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն հրապարակումով կարելի է հաստատել, որ իրանեան իշխանութիւնները մեծ յաջողութիւն մը արձանագրեցին եւ փակեցին 2009-ի նախագահական ընտրութեան ժխտական էջը: Քուէարկութեան նախօրեակին իսլամական հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի ժողովուրդին կոչ ուղղեց` մեծ թիւով մասնակցելու ընտրութեան, եւ մասնակցութեան բարձր համեմատութիւն ապահովելու իշխանութեանց այդ ջանքերը յաջողութեամբ պսակուեցան: Արդարեւ, մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ 72.2 առ հարիւրի, իսկ նախագահութեան վեց թեկնածուներէն միակ հոգեւորական դէմքը` Հասան Ռուհանի, քուէներու 50.7 առ հարիւրը ապահովելով առաջին հանգրուանէն իսկ ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ: Իրանցի ղեկավար դէմքեր ընտրութիւնը նկատեցին Իրանի արձանագրած մեծ յաղթանակներէն մէկը: Բազմահազար իրանցի քաղաքացիներ փողոց իջան եւ տօնեցին իրենց թեկնածուին յաղթանակը` ամբողջացնելով այն դրական պատկերը, որ ուղղակի կը հակադրուի այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ տիրող եւ 30 յունիսին Եգիպտոսի մէջ սպասուող հակակառավարական ցոյցերուն ընթացքին ստեղծուելիք կացութիւններուն:

Եթէ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւնները Եգիպտոսին առիթ ընծայեցին, Սուրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու քայլին միջոցով, միջինարեւելեան հաւասարակշռութեան մէջ Անգարայի բաց ձգած դիրքը գրաւելու փորձ կատարելու, Իրանի նախագահական ընտրութեան թայմինկն ու պատկերը իրանեան իշխանութեանց առիթ ընծայեցին նախկին նախագահ Հաշեմի Ռաֆսանժանիի միջոցով յայտարարելու, որ «Իրան աշխարհի ամէնէն ժողովրդավար երկիրն է». չափազանցութիւն մը, որ սակայն չի ծածկեր այն իրողութիւնը, թէ Իրանի նախագահական ընտրութեան փայլուն պատկերին շնորհիւ, Թեհրան կէտեր արձանագրեց Անգարայի եւ Գահիրէի վրայ: Իրանեան եւ թրքական պատկերներու հակասութիւնը եկաւ հարուած մը եւս հասցնելու միջինարեւելեան երկիրներուն համար իբրեւ օրինակ յորջորջուող թրքական բնորդին. իրողութիւն մը, որ վստահաբար թրքական իշխանութիւնները կը մղէ իրենց ակռաները կրճտելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES