Հայրապետական Մաղթանք Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 18-րդ Տարեդարձին Առիթով
Երէկ` կիրակի, 16 յունիս 2013-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 18-րդ տարեդարձին բարեբաստիկ առիթով: Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին միաբան հայրեր աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ կարդացին` բարւոք ծառայութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով վեհափառ հայրապետին եւ անսասանութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Սուրբ աթոռին:
Պատարագիչն էր Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը: Սրբազան հայրը, իր քարոզին մէջ վեր առաւ վեհափառ հայրապետի նուիրեալ ծառայութեան բազում երեսները` քաջ հովուապետի պատկերին մէջ: Սեպուհ սրբազան յատուկ կերպով խօսեցաւ վեհափառ հայրապետի հոգեւորականի տիպարին եւ վեհափառով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ստացած փայլքին ու շողքին` տեղական ու մանաւանդ միջազգային շրջանակներու մէջ: Ի Վերջոյ, սրբազան հայրը յանուն միաբանութեան եւ համայն հաւատացեալ հայ ժողովուրդին, արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն մաղթեց վեհափառ հայրապետին, որպէսզի շարունակէ իր նուիրեալ ծառայութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու ազգին:
Պատարագէն անմիջապէս ետք միաբաններ, Ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներ եւ հաւատացեալներ վեհարանի դահլիճ բարձրացան, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»-ի մրցանակաբաշխութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հոգեւորականը ինչ պաշտօնի վրայ ալ ըլլայ, իր առաքելութիւնը ծառայութիւնն է: Ծառայութիւնը ճամբայ մըն է, ուրկէ բոլորս ալ պէտք է քալենք, տարբեր հանգամանքներով, շեշտաւորումներով ու առաջնահերթութիւններով: Սակայն, Հայ հոգեւորականին ճամբան նոյնն է: Այս է, որ կը սպասէ մեր ժողովուրդը եկեղեցիէն: Այսպէս եղաւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Ինք: Ինքզինք իբրեւ ծառայ ներկայացուց, ապրեցաւ ու գործեց իբրեւ ծառայ: Այս է, Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեայ մարդուն ճամբան: Ա՛յս է հայ հոգեւորականին ճամբան»:
Աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով շնորհաւորեցին վեհափառ հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 18-րդ տարեդարձը եւ ստացան անոր օրհնութիւնը:


