Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Ամավերջի Աշակերտական Ցուցահանդէս
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, ուրբաթ, 14 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թ. Ռոսլին»-ի ամավերջի աշակերտական ցուցահանդէսը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, միութենական ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ նշեց, թէ այս ցուցահանդէսը լաւագոյն առիթն է ցոյց տալու աշակերտներու միամեայ գործունէութիւնն ու կրթական յառաջխաղացքը: Գապասագալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին Համազգայինի մեծ ընտանիքին:
Ապա խօսք առաւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Հրաչ Այնթապլեան, որ ներկայացուց անցնող տարուան իրագործումները: Այնթապլեան շեշտեց, որ 2012-2013 տարեշրջանին դպրոցի 5-րդէն 7-րդ դասարաններու աշակերտները հետեւեցան մասնայատուկ դասերու` գլխաւորութեամբ արուեստագէտներ Գրիգոր Նորիկեանի, Յարութիւն Թորոսեանի, Րաֆֆի Թոքաթլեանի եւ Շահէ Տէր Յարութիւնեանի: Ան յայտնեց, որ այս տարեշրջանին կերպարուեստի դպրոցը կ՛աւարտէ Գրիգոր Աւեսեան` ամբողջացնելէ ետք իր եօթնամեայ ծրագիրը:
Ապա շրջանաւարտ Աւեսեան փաուըր-փոյնթ-ի ընդմէջէն խօսեցաւ հանրածանօթ գեղանկարիչներ Ամետօ Մոտիկլիանի եւ ԱրշիլԿորքիիհակիրճ կենսագրութեան եւ անոնց գործերուն գեղարուեստական արժէքին մասին:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեան, որ նշեց, թէ ծնողները պէտք է լրջութեամբ քաջալեր հանդիսանան իրենց զաւակներուն, որպէսզի բծախնդրութեամբ եւ հետեւողականութեամբ կատարեն իրենց աշխատանքները: Թոքաթլեան ըսաւ, որ շրջանաւարտ Աւեսեանի գործերուն մէջ ակներեւ է տարուէ տարի կատարուող աշխատանքն ու բարելաւումը, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ «Թ. Ռոսլին»-ի մէջ կազմակերպուած աշխատանք կը կատարուի: Ան շեշտեց, որ վկայականը աւարտ չէ, այլ` նոր սկիզբ:
Աւարտին, Րաֆֆի Թոքաթլեանի եւ Հրաչ Այնթապլեանի ձեռամբ մասնայատուկ դասերու հետեւող աշակերտներն ու շրջանաւարտ Գրիգոր Աւեսեան ստացան իրենց հաստատագիրներն ու վկայականը:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ցուցադրուած էին դասարանային բաժանմունքով «Թ. Ռոսլին»-ի աշակերտներու ստեղծագործութիւնները, որոնք կը համապատասխանէին կրթական ծրագիրին, եւ որոնց մէջ ակներեւ էր բծախնդրութիւնն ու որակաւոր գործունէութիւնը:

