Ֆութսալ. Մալեզիա Պիտի Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութեան Զտումի Մրցումները
Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուր պիտի հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան այն խումբերը, որոնք իրենց տոմսերը պիտի ապահովեն Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին: Զտումի այս մրցումները պիտի կատարուին հոկտեմբերին:
Նշենք, որ Արեւմտեան Ասիայէն երեք խումբեր պիտի ապահովեն իրենց տոմսերը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբին, անիկա այժմ կը պատրաստուի ասիական խաղերուն, որոնց ազդանշանը պիտի տրուի յառաջիկայ 26 յունիսին եւ տեղի պիտի ունենայ Ինշիոնի մէջ (Հարաւային Քորէա):
Լիբանանի սպանացի մարզիչ Պաքօ Արաուժօ նկատի առած է հետեւեալ մարզիկները.
Ռապիհ Քահի, Հիւսէյն Համտանի, Խալետ Թաքքա Ճի, Մուսթաֆա Սարհան, Քարիմ Ապու Զէյտ, Ալի Թանիշ, Մոհամետ Քըպայսի, Հասան Զէյթուն, Քասեմ Քաուսան, Քասեմ Ազզէտտին, Քամել Էլիաս եւ Ալի Հոմսի:

